Չորեքշաբթի, 14 Փետրուար 2018ի յետմիջօրէի ժամը 4:30ին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Երեւանի ներկայացուցչական գրասենեակ ժամանեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահութեան թեկնածու՝ Տիար Արմէն Սարգսեան:
Յարգելի հիւրին դիմաւորեցին ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկերներ: Գրասենեակի մուտքին մեծարգոյ հիւրին ի պատիւ պատուոյ պահակ էին «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժումի պատանիները:
Ընկ. Սեւակ Յակոբեան մեծարգոյ հիւրին ներկայացուց հանդիպման ներկայ ընկերուհիներն ու ընկերները: Ապա յարգելի հիւրին յիշեցուց, թէ ՌԱԿ-ի եւ ընդհանրապէս Հայ Ժողովուրդի զաւակներուն համար Արմէն Սարգսեան անունը կը մարմնաւորէ երեք կարեւոր արժէքներ. Ակադեմական-գիտնականը, յաջող գործարարն ու փորձառու դիւանագէտը, որ մեծ յոյս եւ վստահութիւն կը ներշնչէ Հայ ժողովուրդին: Իր խօսքին մէջ ընկ. Յակոբեան բարձր գնահատեց ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ իր գլխաւորած կուսակցութեան Պրն. Արմէն Սարգսեանի նման անձնաւորութիւն մը, որպէս ՀՀ նախագահի թեկնածու առաջադրելու կարեւոր որոշումը:
Պրն. Արմէն Սարգսեան իր կարգին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներուն ներկայացուց իր ծրագիրները, ի միջի այլոց ըսելով. «Ես հայաստանցի սփիւռքահայ եմ եւ սփիւռքահայ հայաստանցի: Կեանքիս կէսը ապրած եմ Հայաստանի մէջ, որպէս հայասատանցի ճամբորդելով դէպի Սփիւռք եւ միւս կէսն ալ ապրած եմ Հայաստանէն դուրս յաճախ այցելելով Հայաստան իբրեւ սփիւռքահայ: Այս իսկ պատճառով ինծի կը դուի, որ լաւ կը ճանչնամ սփիւռքի մեր խնդիրները, սկսած ընտանեկանէն մինչեւ կրթական, հասնելով քաղաքան, եւայլն: Այս միջոցաւ կը յուսամ, որ կը կարողանամ սփիւռք եւ հայրենիք կապերը աւելի եւս մօտեցնել եւ ի վերջոյ մենք բոլորս դառնանք մէկ ազգ՝ Հայրենիք եւ Սփիւռք»:
«Ամէն պարագայի ինչ որ իմաստով կամաց-կամաց յստակ չէ, այլեւս թէ, ո՛վ է Հայաստանցին եւ ո՛վ սփիւռքահայը, այնքան որ շաղկապը ամուր է այլեւս» ըսաւ Պրն. Սարգսեան, աւելցնելով. «Հայաստանի բնակչութեան մէկ մասը ցաւօք սրտի կը լքէ Հայաստանը եւ սա ամենամեծ խնդիրներէն մէկն է եւ կը դառնայ է սփիւռքահայ: Լաւատես բանն ալ այն է, որ սփիւռքէն հայեր կը հայրենադարձուին»:
«Միասին պէտք է աշխատինք, ոեւէ մէկը միայնակ ոչինչ չի կրնար ընել եւ սպասել որ ինչ որ մէկը պիտի գայ ու կախարդական փայտիկով հարցը լուծէ: Սակայն ինչ, որ մէկը եթէ փորձէ միասնականութեան բերել ազգը, որ այո հնարաւոր է եւ եթէ միասնական ազգ ունենանք մեր խնդիրներն ալ կը լուծուին» եզրափակեց ՀՀ նախագահական թեկնածուն:
Պրն. Սարգսեանի խօսքէն ետք ընկեր Լեւոն Պըլըքեան յարգելի հիւրին փոխանցելէ ետք ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Սերխիօ Նահապետեանի ողջոյնները, ներկայացուց ՌԱԿ-ի ծրագիրները Հայրենիքի մէջ ու տեսիլքը անոր ապագային նկատմամբ: Ընկ. Տոքթ. Ճորճ Բարսեղեան իր կարգին դրուատիքով արտայայտուեցաւ թեկնածուին մասին: Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան սփիւռքահայ կառոյցներու վերաբերող առաջարկներ ներկայացուց Պրն. Սարգսեանին:
Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացած հանդիպման աւարտին, ընկ. Սեւակ Յակոբեան Պրն. Սարգսեանին յանձնեց Պէյրութ-ի «Զարթօնք» օրաթերթի 80-ամեակին նուիրուած բացառիկ թիւը ու հրաւիրեց Պրն. Սարգսեանը այցելել «Զարթօնք»-ի խմբագրատուն Պէյրութ կատարելիք իր մօտալուտ ճամբորդութեան ընթացքին: Ապա ընկ. Պըլըքեանի ձեռամբ յարգելի հիւրը ստացաւ ՌԱԿի խորհրդանշական յուշանուէրը: