Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Պուլկարիան Կողմ է ԼՂ Հիմնահարցի Խաղաղ Կարգաւորման Մինսկի Խումբի Համանախագահներու Միջնորդութեամբ եւ ԵՄ Աջակցութեամբ

Պուլկարիան կը հաւատայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը կրնայ կարգաւորուիլ խաղաղ ճանապարհով Մինսկի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ Եւրոմիութեան աջակցութեամբ: Այս մասին ՀՀ նախագահական նստավայրին մէջ յայտարարեց Պուլկարիոյ նախագահ Ռումեն Ռատեւ` հետեւեալ ձեւակերպումով անդրադառնալով լրագրողներէն մէկուն հարցումին. «Պարո՛ն Ռատեւ, ազրպէյճանական լրատուամիջոցները պարբերաբար կ’աղաւաղեն Ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորման վերաբերեալ տարբեր երկիրներու, որոնց շարքին` Պուլկարիոյ մօտեցումները: Կը ներկայացնէ՞ք Ձեր դիրքորոշումը եւ արդեօք անիկա կը համընկնի՞ Եւրոմիութեան դիրքորոշման հետ»:

«Պուլկարիան շատ յստակ դիրքորոշում ունեցած է, որ հիմնահարցը կրնայ լուծուիլ խաղաղ միջոցներով` Մինսկի խումբի միջնորդութեամբ` ԱՄՆ-ի, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի համանախագահութեամբ եւ ԵՄ աջակցութեամբ: Շատ կարեւոր է երկու երկիրներու նախագահներու աշխոյժ երկխօսութիւնը, որ աւելի քիչ զգացումներու ու աւելի շատ խոհամտութեան վրայ հիմնուի: Որպէս Եւրոպական Միութեան խորհուրդը նախագահող երկիր՝ Պուլկարիան պիտի աջակցի այս դիրքորոշումը առաջ մղելուն»,- «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ` ըսած է նախագահ Ռատեւ:

ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով Փետրուար 11-ին պետական այցով Հայաստան ժամանած է Պուլկարիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռումեն Ռատեւ` իր տիկնոջ հետ: Այցի ծիրէն ներս նախատեսուած են Պուլկարիոյ Հանրապետութեան նախագահին հանդիպումները ՀՀ բարձրագոյն ղեկավարութեան` նախագահին, Ազգային ժողովի նախագահին, վարչապետին հետ: Նախագահ Ռատեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ պիտի հիւրընկալուի նաեւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ:  Վեհափառ Հայրապետի հետ հանդիպումէն ետք Պուլկարիոյ նախագահը պիտի այցելէ Մայր Տաճար եւ գանձատուն:

Հայաստան պետական այցի ծիրէն ներս Պուլկարիոյ նախագահը պիտի այցելէ նաեւ Մատենադարան, «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտական կեդրոն եւ Պէյօ Եաւորովի անուան թիւ 131 միջնակարգ դպրոց:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին