Հայաստանի խորհրդարանը առաջին ընթերցմամբ ընդունեց աջ ղեկով մեքենաներու ներմուծումը ժամանակաւորապէս արգիլող օրէնքի նախագիծը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, «Աջակողմեան ղեկով փոխադրամիջոցներու ներմուծումը ժամանակաւոր արգիլելու մասին» օրէնքի նախագիծին կողմ քուէարկեց 63, դէմ` 34 պատգամաւոր: Նախագիծով կը նախատեսուի 2018-ի Ապրիլ 1-էն մինչեւ 2018-ի Հոկտեմբեր 1 ժամանակաւորապէս արգիլել աջակողմեան ղեկով փոխադրամիջոցներու ներմուծումը Հայաստանի Հանրապետութիւն:
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ օրէնքով սահմանուած է աջակողմեան երթեւեկութիւն, ինչպէս նաեւ երթեւեկութեան կանոնները սահմանուած են ձախակողմեան ղեկային կառավարմամբ մեքենաներու երթեւեկութեան համապատասխան:
Լուսացոյցները, ճանապարհային նշանները եւս տեղադրուած են` հաշուի առնելով ձախ ղեկով համակարգ ունեցող մեքենայի վարորդի համար տեսանելի ըլլալու հանգամանքը: Որպէս հիմնաւորում՝ կը նշուի, որ աջ ղեկով փոխադրամիջոցները վտանգ կը ներկայացնեն ճանապարհային երթեւեկութեան անվտանգութեան համար, կը պարունակեն ճանապարհային պատահարներու յառաջացման վտագներ, քանի որ երթեւեկութեան ընթացքին այդպիսի փոխադրամիջոցներու վարորդները երթեւեկութեան ընթացքին ունին սահմանափակ տեսանելիութիւն:
Աջ ղեկային համակարգ ունեցող մեքենաներու ներմուծումը կ’արգիլուի ժամանակաւորապէս, քանի որ Մաքսային Միութեան յանձնաժողովի 2011-ի որոշումով 2018-ի Հոկտեմբերէն պիտի արգիլուի Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներ աջ ղեկային համակարգ ունեցող փոխադրամիջոցներու ներմուծումը: 2018-ի Ապրիլ 1-էն Հայաստանի մէջ պիտի արգիլուի աջ ղեկային համակարգ ունեցող մեքենաներու հաշուառումը։