*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Հակառակ Պաքուի Սեւ Ցուցակներուն՝
Արցախ Այցելած Է Եւրախորհրդարանի Հերթական Պատգամաւորը
Յունուարի վերջը Արցախը հերթական բարեկամ մը ձեռք բերաւ, Պաքուն՝ Սեւ ցուցակի հերթական թեկնածուն: Երկու պարագաներուն ալ խօսքը նոյն գործիչի մասին է՝ Եւրախորհրդարանի պատգամաւոր, արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Լարս Ադաքթուսսոնի: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւն, պետական ապարատ, ժողովրդավարական հիմնարկներ. եւրապատգամաւորի գլխաւորած պատուիրակութեան հետաքրքրութիւններու շրջանակը լայն էր, եւ այցերու, հանդիպումներու օրակարգը՝ յագեցած: Արդիւնքները ամփոփուած են այցի աւարտին՝ լրագրողներու հետ հանդիպումով:
Հանդիպում Արցախի նախագահի հետ, քննարկում Ազգային Ժողովին, հանդիպումներ շարք մը նախարարութիւններու, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակին եւ «Հելօ Թրասթ» կազմակերպութեան մէջ: Լարս Ադաքթուսսոնի գլխաւորած պատուիրակութեան արցախեան օրակարգը յագեցած էր: Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ արդիւնքները ի մի բերած են ու Արցախէն ստացած տպաւորութիւնները ամբողջացուցած: «Պէտք է ըսեմ, որ շատ տպաւորուած եմ Արցախի ժողովուրդով: Հոս մենք գործ ունինք այնպիսի հասարակութեան հետ, որ ճնշումի տակ կը գտնուի: Բայց նաեւ այնպիսի ժողովուրդ է, որ կը ձգտի ապրիլ լաւ կեանք եւ կառուցել ժողովրդավարութիւն»,- ընդգծած է Եւրախորհրդարանի պատգամաւոր Լարս Ադաքթուսսոնի: Հիւրերը Ժողովրդավարութիւնն ու Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը առաջնայինը կ’որակեն եւրոպական արժէքներուն մէջ եւ ուրախութեամբ կ’արձանագրեն, որ Արցախի մէջ երկուքն ալ տեսան: «Ինչպէս գիտէք, օրէնքի գերակայութիւնը եւրոպական քաղաքական համակարգի գլխաւոր բաղադրիչն է, բայց անոր կողքին կարեւոր է նաեւ մարդոց կեանքի որակը բարելաւելու սկզբունքը եւ նպատակը: Մենք հոս տեսանք այդ կամքը եւ ուրախ ենք անոր համար»,- կը շեշտէ Լարս Ադաքթուսսոնի գրասենեակի տնօրէն Չարլի Վեյմերսը: Եւրոպացի գործիչները չեն թաքցներ, որ Եւրոպան հեռու է, բայց ամէն պարագայի վերջինս նոյնպէս հետամուտ է տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ապահովման: «Ի հարկէ, տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հարցը, առաջին հերթին, այս տարածաշրջանի բնակիչներուն համար կարեւոր է, բայց միեւնոյն ատեն Եւրոպայի համար ալ»,- ընդգծած է Եւրախորհրդարանի պատգամաւորը: Բանակցային գործընթացի միակ ձեւաչափը Մինսկի խումբն է: Եւրախորհրդարանի ներկայացուցիչը համամիտ է այս միտքին, սակայն Լարս Ադաքթուսսոնի գրասենեակի տնօրէն Չարլի Վեյմերսը ոչ քաղաքական ոլորտին մէջ ընելիքներու մեծ պաշար կը տեսնէ. «Ի հարկէ, յստակ ձեւակերպուած է այն դիրքորոշումը, որ մենք պէտք է աջակցինք Մինսկի խումբի աշխատանքներուն: Բայց գործօնութեան համար կան նաեւ այլ գործիքներ եւ հարթակներ: Ատիկա առողջապահութեան եւ կրթութեան ոլորտն է: Պէտք է ուսումնասիրենք, թէ մինչեւ այսօր Եւրոպական Միութիւնը ի՛նչպէս աշխատած է չճանչցուած պետութիւններու հետ, ի՛նչ լաւ օրինակներ կան, եւ ըստ այնմ անոնցմէ դասեր քաղենք»: Այցի օրերուն կայացած հանդիպումները միաժամանակ այդ նպատակին ծառայած են, հետեւաբար փաստահաւաք այցը կրնայ օրինակ ըլլալ եւրոպացի այն պատգամաւորներուն համար, որոնք ամէն պարագայի կը փափաքին Արցախի հետ առնչուած զեկոյցներ պատրաստել: Իրենք անձամբ համոզուած են, որ Ստեփանակերտը բաց է երկխօսութեան համար: «Մենք տեղեկութիւններ ստանալու հարցով որեւէ դժուարութիւն չենք ունեցած: Մեզ հիւրընկալող կողմը շատ բաց էր եւ պատրաստակամ»,- կը վստահեցնէ Եւրախորհրդարանի պատգամաւոր Լարս Ադաքթուսսոն:
Այցի ընթացքին հաւաքած տեղեկութիւնները հասանելի պիտի դարձնեն հնարաւոր բոլոր հարթակներու վրայ: Լարս Ադաքթուսսոնն, ի դէպ, արդէն իր պլոկի էջին վրայ Արցախ այցելելու իւրօրինակ հրաւէր յղած է գործընկերներուն, իսկ իր գրասենեակի տնօրէնը ֆէյսպուքեան էջին գրառում կատարած է: «Քարտէսին վրայ Ազրպէյճան եմ: Այդպէս որոշած է Սթալինը 1920-ականներուն: Բայց ասիկա միշտ հայկական տարածք եղած է: Մարդիկ հոս մաքառած են ապրելու համար: Նուազագոյնը, որուն արժանի են, իրենց գոյութեան փաստը ընդունիլն է»,- մէջբերումը կատարուած է Չարլի Վեյմերսի ֆէյսպուքեան էջէն:
Արցախի Հանրային Հեռուստատեսութիւնը Հասած Է Հեռարձակման Որակի Միջազգային Չափանիշներուն
Ժամանակակից թեքնիկական միջոցներ, պատկերի գերազանց որակ, թուային հեռարձակման ցանցերու մէջ բարձր որակով հեռարձակուելու հնարաւորութիւն: Արցախի հանրային հեռուստատեսութիւնը ամբողջութեամբ վերազինուած է ժամանակակից թեքնիկայով եւ Փետրուար 1-էն եթեր կը հեռարձակուի HD որակով: 90-ականներուն ձեռք բերուած սարքաւորումները այլեւս բաւարարութիւն չէին տար: «Մեր սարքաւորումներու հիմնական մասը 1997-ին նուիրատուութիւն ստացած էինք»,- կը պատմէ Արցախի հանրային հեռուստատեսութեան գլխաւոր խմբագիր Խաչատուր Մելքումեան: «Հիմնականը կ’օգտագործուէին խորհրդային շրջանին արտադրուած թեքնիկական միջոցները՝ համակցուած 90-ականներու թեքնիկայի հետ, որոնք թէ՛ թեքնիկապէս, թէ՛ բարոյապէս արդէն ժամանակավրէպ դարձած էին»,- կը մանրամասնէ «Պանարմենիան Մետիա Կրուբ»-ի թեքնիկական բաժնի ղեկավար Արսէն Մուրատեան, որ ամիսներ առաջ 2017-ի կէսերուն Արցախ կը գտնուէր:
Թեքնիկական վերազինման համար անհրաժեշտ գումարը յատկացուցած է Արցախի կառավարութիւնը, սարքաւորումները ԱՄՆ-էն ձեռք բերած է ու Արցախ տեղափոխած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը: Նոր սարքաւորումները Արցախի հանրային հեռուստատեսութեան մասնագէտներու հետ տեղադրած ու խմբագրած են «Պանարմենիան Մետիա Կրուբ»-ի թեքնիկական բաժնի պատասխանատուները: Թեքնիկական վերազինման արդիւնքով կը բարելաւուի հեռուստաընկերութեան աշխատանքի կառավարումն ու համակարգումը` եթերին հաղորդելով նոր որակ եւ մրցունակութիւն: Վերազինուած է ամբողջ հեռուստաընկերութեան պարկը: Արտագնաց տեսախցիկներու պարկը, եթերային թեքնիկական պարկը հնարաւորութիւն պիտի տան հեռուստաընկերութեան աւելի գունեղ, աւելի որակեալ հեռարձակում ունենալ:
«Այս վերազինումէն ետք Արցախի հանրային հեռուստատեսութիւնը մօտեցած է հայաստանեան եւ միջազգային հեռուստաընկերութիւններուն թեքնիկական ձեւաչափի եւ որակի առումով»,- կը վստահեցնէ թեքնիկական խումբի հետ Յունուարի վերջին շաբաթը Արցախ անցուցած «Պանարմենիան Մետիա Կրուբ»-ի թեքնիկական բաժնի ղեկավար Արսէն Մուրատեան: Արցախի հանրային հեռուստատեսութիւնը կ’ունենայ նաեւ HD ձեւաչափով շարժական հեռուստատեսային կայան, որուն միջոցով հնարաւորութիւն կ’ըլլայ նկարահանել համերգներ, շքերթներ ու այլ մեծ միջոցառումներ: Կարելի կը դառնայ նաեւ Արցախի տարբեր շրջաններէն կազմակերպել ուղիղ հեռարձակումներ:
Արցախը՝ Համահայկական Համերաշխութեան Կեդրոն.
Փետրուար 2 – 4 Ստեփանակերտ Կը Գտնուէր ՀՀ Խորհրդարանականներու Պատուիրակութիւնը
Արցախի մէջ՝ առանց կուսակցական վէճերու: ՀՀ ԱԺ բոլոր խմբակցութիւններու եւ յանձնաժողովներու ներկայացուցիչներէն կազմուած պատուիրակութեան աշխատանքային օրը սկսած է Ստեփանակերտի յուշահամալիրէն: «Նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Հանրապետական կուսակցութեան, բայց հոս կարեւոր նշանակութիւն չունի այդ մէկը, քանի որ Արցախի հարցի գծով Հայաստանի իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը միշտ միակարծիք եղած են»,- կ’ընդգծէ ՀՀ ԱԺ Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեան: Արդէն Արցախի խորհրդարանին մէջ նոյն գնահատականը կու տայ նաեւ ընդդիմադիր «Ելք» խմբակցութեան ներկայացուցիչը: «Տնտեսական զարգացման, առաջնահերթութիւններու եւ այլ հարցերու ծիրէն ներս մենք տարաձայնութիւններ ունինք, եւ ասիկա բնական է, բայց բարեբախտաբար Արցախի հարցի գծով թէ՛ անցեալին, թէ՛ ներկայիս իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը միակարծիք են»,- կը վստահեցնէ ՀՀ ԱԺ ընդդիմադիր «Ելք» խմբակցութեան ներկայացուցիչ Արամ Սարգսեան:
Համերաշխութեան այս մթնոլորտին մէջ ալ Արցախի խորհրդարանի նախագահը ի մի բերած է հայկական երկու պետութիւններուն օրէնսդիր մարմիններու նախորդ տարուան համագործակցութեան արդիւնքները: «Ընդհանուր առմամբ, 2017-ին ունեցած ենք փոխգործակցութեան յագեցած օրակարգ, որ հնարաւորութիւն տուած է տարբեր խորհրդարաններու հետ համակարգուած աշխատանքներ տանիլ Արցախի ճանաչման եւ հակամարտութեան մասին ճշմարտութիւնը ներկայացնելու ուղղութեամբ»,- կը կարեւորէ Աշոտ Ղուլեան՝ շեշտելով՝ սկսած աշխատանքները 2018-ին աւելի աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը: Արցախի խորհրդարանի նախագահին, ի դէպ, անակնկալ կը սպասէր: Ղարաբաղեան շարժումին 30-ամեակի կապակցութեամբ, միջխորհրդարանական բարեկամական կապերու ամրապնդման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին համար ՀՀ խորհրդարանի նախագահ Արա Պապլոյեանի կարգադրութեամբ Աշոտ Ղուլեան պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատուոյ մետալով: Հրամանագիրը հասցէատիրոջ յանձնած է ՀՀ ԱԺ ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեան: Շարունակութիւնը՝ աշխատանքային ծրագիրին համաձայն: Յանձնաժողովներու ղեկավարները խօսած են 2018-ի աշխատանքներու մասին: Կորիւն Նահապետեան, առանց մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու, կը յայտնէ, որ Հայաստանի մէջ սկսած են գործընթացներ, որոնք անմիջական կապ ունին նաեւ Արցախի անվտանգութեան հետ: «Օրերս կայացած է ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստը, ուր ներկայացուած է Զինուած ուժերու 2018-24 թուականներուն արդիականացման ծրագիրը: Կարճ ժամանակ անց այդ մէկը կը հաստատուի, եւ այդ ծրագիրի ուղղութեամբ շատ ընելիքներ ունինք»,- լրագրողներու ներկայութեան յայտնած է ՀՀ ԱԺ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Կորիւն Նահապետեան: 2018-ին ՀՀ ԱԺ Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի աշխատանքներուն արցախեան թեման ընդգծուած պիտի ըլլայ՝ տարուան յոբելեանական ըլլալը, ի հարկէ, հաշուի առնելով: Տարբեր ոլորտներու մէջ Արցախի զարգացման նպաստելու թեմաները եւս քննարկուած են: Այսօր ազգային ապրանքանիշը ստանալու խնդիր կը տեսնեն խորհրդարանականները ու անոր մէջ նաեւ մատնացոյց կ’ընեն Արցախի ներուժը: Տնտեսական պլոքի հարցերը Արցախի պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ հանդիպումին աւելի մանրամասն քննարկած են հայաստանեան խորհրդարանականները: Իսկ գիտելիքահենք տնտեսութիւն ունենալու ծիլերը տեսած են Ստեփանակերտի «Թիւմօ» կեդրոնին մէջ:
Այցի արդիւնքները ի մի բերուած են նախագահական նստավայրին մէջ: Արցախի նախագահը ընդունած է Հայաստանեան խորհրդարանականներու պատուիրակութիւնը:
Ստեփանակերտ