Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Պէյրութի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ «Զարթօնք»ի 80-ամեակի Եզրափակիչ Հանդիսութիւն

Յառաջիկայ Երկուշաբթի 5 Փետրուար 2018-ի երեկոյեան, Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Զարթօնք» օրաթերթի 80-ամեակի Եզրափակիչ Հանդիսութիւն:

Ձեռնարկը կը հովանաւորէ Լիբանանի Տեղակատուութեան Նախարարութիւնը, որ այս առթիւ յատուկ գնահատանքի գիր յղած է 80-ամեայ հսկային:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառի, ինչպէս նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքին եւ ՄԱՀԱԵՄ-թեան Նախագահին օրհնութեան եւ ողջոյնի գիրերու ընթերցումներէն ետք, բացման խօսքով հանդէս պիտի գայ, «Զարթօնք»ի երկարամեայ աշխատակից՝ Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեան:

Ձեռնարկը պիտի ունենայ երեք հանգամանաւոր զեկուցաբերներ: Հայկազեան Համալսարանի «Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն»-ի տնօրէն՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան հանդէս պիտի գայ. «Սփիւռքահայ Մամուլը. Լինե՞լ, թէ Չլինել» նիւթով: Հայրենիքէն յատուկ հրաւիրուած, Երեւանի Պետական Մանկավարժական Համալսարանի «Սփիւռք Կեդրոնի» տնօրէն՝ Դոկտ. Սուրէն Դանիէլեան պիտի խօսի «Պատառիկներ «Զարթօնք»ի Գրական Միտքի Քննական Դեգերումներ»ու մասին: Դարձեալ Հայրենիքէն հիւրաբար ժամանած, «Զարթօնք»ի գործընկեր «Արմենփրէս» Գործակալութեան տնօրէն՝ Դոկտ. Արամ Անանեան պիտի զեկուցէ «Զարթօնքը համահայկական լրատուութեան համապատկերին մէջ. Մտորումներ ապագայի Լրատուութեան Մասին» նիւթով:

Ձեռնարկի ընթացքին վիտէօերիզով պիտի ցուցադրուին կարգ մը վկայութիւններ »Զարթօնք»ի մասի եւ պատառիկներ Երեւանի մէջ Հայաստանի Ազգային Գրադարանին մէջ կայացած «Զարթօնք»ի 80ամեակի նշումէն:

Պիտի ըլլան գեղարուեստական ընդմիջումներ, ջութակի եւ դաշանամուրի նուագածութեամբ:

Շնորհակալական խօսքով հանդէս պիտի գայ »Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր՝ Սեւակ Յակոբեան:

Պիտի ներկայացուի այս առիթով լոյս տեսած «Զարթօնք»ի  յատուկ հրատարակութիւնը:

Փակման խօսքով հանդէս պիտի գայ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ Յակոբ Գասարճեան:

Աւարտին, տեղի պիտի ունենայ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին