*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Զգո՜յշ խօսիր Հայաստանում…
Զգո՜յշ քայլիր Հայաստանում, –
Նե՜ղ են ճամբէքը լեռնական,
Երկու հոգու տեղ չեն անում,
Թէ դէմ-դիմաց ելնեն յանկարծ.
Թէ բարեկամ ես ու ընկեր,
Ա՜նց կը կենաք իրար գրկած,
Թէ դաւով ես այստեղ ընկել,
Կը գլորուես ժայռերից ցած.
Ո՞վ եղաւ քո գալու վկան,
Գնալըդ ո՞վ է իմանում…
Նեղ են ճամբէքը լեռնական,
Զգո՜յշ քայլիր Հայաստանում:
Զգո՜յշ գործիր Հայաստանում:
Գէորգ Էմին
Ի զուր չէ ըսուած, որ Հայաստան թանգարան է բաց երկնքի տակ, ինչը կարելի է անվերջ ուսումնասիրել: Կարծես երկրի ամէն մէկ քարը կ»առանձնանայ իր ուրոյն գեղեցկութեամբ ու բազմադարեան պատմութեամբ: Եւ չնայած իր փոքրիկ տարածքին, Հայաստանի մէջ պարբերաբար կը յայտնաբերուին համաշխարհային ճարտարապետութեան նորանոր բացառիկ յուշարձաններ: «Հայաստան թանգարան է բաց երկնքի տակ» արտայայտութիւնը կը սիրենք գործածել մենք`հայերս, բայց եթէ փորձենք աւելի ազնիւ ըլլալ, կ«աւելցնենք, որ Հայաստան նաեւ աւերակ է բաց երկնքի տակ: Մեր եկեղեցիներու՝ հոգեւոր տաճարներու աւերակներուն, յուշարձաններուն այսօր գումարուած են նաեւ գիտութեան տաճարներու աւերակները: Այժմ Հայաստանի մէջ կան 60–էն աւելի փակ, անտէրութեան մատնուած, քայքայուած ու քայքայուող, ներսէն ժանգոտած, գիտական սարքաւորումներով լի գիտահետազօտական հիմնարկներ: Բաց երկնքի տակ թանգարան ըլլալէ զատ Հայաստանի մէջ կան նաեւ բազմաթիւ ու բազմապիսի թանգարաններ, որոնցմէ շատերուն արդէն ծանօթացանք «Զարթօնքի» պտոյտներուն ընթացքին: Մեր պատմութեան ու մշակոյթի ամէն մանրամասնութիւն, ինչը յատկապէս մեր ազգի հպարտութիւնն է, կը պահպանուի, կը յիշուի ու սերունդներուն կը ներկայացուի նաեւ թանգարանային մշակոյթի շնորհիւ:
Այս շաբաթուան պտոյտին շնորհիւ մենք կանգ առինք Գիտութեան եւ թեքնիքայի թանգարանը: Գիտութիւնը Հայաստանի մէջ զարգացած է շատոնց։ Ասոր մասին կը վկայեն Քարահունջի (Զօրաց-Քարեր) եւ Մեծամօրի քարային աստղադիտարանները, Հայոց պատմութեան Ուրարտական շրջանի սեպագիրերը, ճարտարագիտական կառոյցները, յունաբանութեան բարձրակարգ յուշարձանները, քրիստոնէական ճարտարապետական յուշարձանները, հիասքանչ մանրանկարներով հնագոյն ձեռագրերը, հայ ժողովուրդի բարձր մշակոյթի եւ կրթութեան իրեղէն ապացոյցն են։ Գիտութեան եւ թեքնիքայի թանգարան հիմնադրամը հիմնուած է 2008 թուականին՝ նպատակ ունենալով հանրութեան ուշադրութեան յանձնել հայ ժողովուրդի գիտաթեքնիկական նուաճումները, գիտական մտքի պատմութիւնը եւ համաշխարհային գիտութեան մէջ ունեցած ներդրումները: Թանգարանի առաջնային խնդիրն է հաւաքել, պահպանել եւ ցուցահանդէսներու միջոցով հասարակութեան ներկայացնել Հայաստանի եւ օտարերկրեայ հայազգի գիտնականներու ու գիւտարարներու յայտնագործութիւնները, գիւտերը, նորարարութիւնները եւ գիտաթեքնիքական նուաճումները:
Մեր զրուցակիցը Ժիրայր Սեւոյեանն է, որ թէ՛ թանգարանի տնօրէնն է եւ թէ՛ միակ աշխատակիցը:
«Զ.» – Պարոն Սեւոյեան, կ«ըսէ՞ք՝ ի՛նչ պատմութիւն ունի թանգարանը:
«Ժ. Ս.» – Գիտութեան եւ թեքնիկայի թանգարան հիմնադրամը հիմնուած է 2008 թուականին, որուն նպատակն է հանրութեան ուշադրութեան յանձնել հայ ժողովուրդի գիտաթեքնիկական նուաճումները, գիտական մտքի պատմութիւնը եւ համաշխարհային գիտութեան մէջ ունեցած ներդրումները: Թանգարանի առաջնային խնդիրն է հաւաքել, պահպանել եւ ցուցահանդէսներու միջոցով հասարակութեան ներկայացնել Հայաստանի եւ օտարերկրեայ հայազգի գիտնականներու ու գիւտարարներու յայտնագործութիւնները, գիւտերը, նորարարութիւնները եւ գիտաթեքնիկական նուաճումները: Թանգարանին մէջ ներկայացուած են Հայաստանի ամբողջ թեքնիկական արդիւնաբերութիւնը՝ սկսած 1940-ական թուականներէն, երբ Հայաստանի մէջ կը սկսի զարգանալ արդիւնաբերութիւնը ու երբ արհեստագործական պզտիկ միութիւններէն արդէն կը յառաջանան գործարաններ: Տակաւին 1970-80-ականներուն Հայաստան իր արդիւնաբերութեան հզօրութեամբ, գիտութեան, թեքնիկայի ոլորտին մէջ ունեցած յաջողութիւններով Սովետական միութեան մէջ 2-3-րդ հանրապետութիւնը եղած է: Կային սարքաւորումներ, որոնք եզակի էին, միջազգային մրցոյթներու ժամանակ ոսկէ մետալներու արժանացած էին: Հայաստանը խորհրդային տարիներուն մեծ ներդրում ունեցած է նաեւ ռազմական արդիւնաբերութեան մէջ:
«Զ.» -Ի՞նչ բաժիններէ բաղկացած է ցուցադրութիւնը: Ուրկէ՞ կը սկսի ցուցադրութիւնը:
«Ժ. Ս.» – Թանգարանը բաղկացած է երկու բաժիններէ՝ թեքնիկայի եւ գիտութեան։ Թեքնիքային բաժնի առաջին մասին մէջ ներկայացուած են արդիւնաբերական զարգացման կանուխ շրջանին Հայաստանի մէջ մշակուած եւ արտադրուած ստուգող-չափիչ սարքերու ու սարքաւորումներու նմոյշներ: Երկրորդ մասին մէջ ներկայացուած են վերոնշեալ սարքերու բնական շարունակութիւնը հանդիսացող ինքնաշարժի կառավարման սարքերն ու սարքաւորումները: Անոնց տեսականին բաւականին բազմազան է եւ կ’ընդգրկէ արդիւնաբերութեան գրեթէ բոլոր ճիւղերը: Երրորդ մասին մէջ հաւաքուած են թեքնիկական սարքեր, որոնք ունեցած են լայն կիրարկութիւն, ինչպէս գիտութեան եւ թեքնիկայի ոլորտին, այնպէս ալ՝ կենցաղի մէջ: Չորրորդ մասը նուիրուած է Հայաստանի մէջ լայն զարգացում գտած արդիւնաբերական երկու հիմնական ճիւղին՝ ելեկտրական մեքենաշինութեան եւ ինքնաշարժի շինութեան: Յաջորդ բաժնին մէջ կարելի է ծանօթանալ Հայաստանի մէջ մանրաելեկտրոնաբանութեան զարգացման ընթացքին: Հպարտութեամբ կրնանք նշել, որ վերջինս զարգացած է Հայաստանի ամբողջ տարածքին, նոյնիսկ գիւղական շրջաններուն մէջ, որուն մասին կը վկայեն ներկայացուած ցուցանմոյշներէն շատերը: Թանգարանի երկրորդ բաժինը ամբողջութեամբ նուիրուած է Հայաստանի գիտական եւ կրթական համակարգին: Ներկայացուած են Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ, գիտահետազօտական հիմնարկներու եւ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան կառոյցներու գիտական նուաճումները: Ներկայացուած են Հայաստանի, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհով սփռուած հայազգի անուանի գիտնականները: Ցուցադրութիւնը կը սկսի ժամացոյցներու արտադրութենէն`որպէս ամենահնագոյն չափիչ սարքերու նմոյշներ: Մեր քով ներկայացուած է Երեւանի Ժամացոյցներու երեք գործարանի արտադրած ժամացոյցներու նմոյշները՝ տարբեր տարիներուն պատրաստուած, ինչպէս նաեւ 2001 թուականին պատրաստուած վերջին ժամացոյցի նմոյշները: Բաժնի միւս հատուածին մէջ ներկայացուած են միւս չափիչ սարքերը` եւ այլ չափող սարքեր: Բացի նմոյշներէն, նկարներու տեսքով ներկայացուած են նաեւ տուեալ գործարանի շէնքը եւ տեսարան մը արտադրամասէն:
«Զ.» -Կ’ըսէ՞ք՝ կրթական եւ հրատարակչական ի՛նչ գործունէութիւն կը տանի թանգարանը: Ի՞նչպէս կը համալրուի թանգարանի հաւաքածոն:
«Ժ. Ս.» – Թանգարանը կը կազմակերպէ դասընթացքներ եւ գործնական աշխատանքներ երեխաներուն եւ պատանիներուն համար՝ սէր դէպի գիտութիւն, թեքնիկան ու ճարտարագիտական կրթութիւնը խթանելու նպատակով: Թանգարանի տարածքին կը կառուցուի շէնք, ուր պիտի ըլլայ պատանի թեքնիկներու խմբակ յատուկ երեխաներու համար, որպէսզի երեխաները գան, սորվին ու աշխատին: Ունինք նաեւ Ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու սրահ, որ նախատեսուած է նշանակալի իրադարձութիւններուն, յոբելեաններուն նուիրուած միջոցառումներու, ինչպէս նաեւ այլ ցուցադրութիւններու համար։ Մեր հաւաքածոն կը համալրուի հիմնականը նուիրատուութիւններու տեսքով, մենք կը փնտռենք եւ կը հայթայթենք: Թանգարանը այսօր ալ կը փնտռէ նորանոր նմոյշներ մեր այցելուներուն ներկայացնելու համար: Ցաւօք սրտի, այս պահուն թանգարանը չ’աշխատիր հրատարակչական աշխատանքներու վրայ, որովհետեւ կան որոշակի խնդիրներ, քանի որ պատմական աշխատութիւն կամ ուսումնասիրութիւն գրելու համար անհրաժեշտ է ունենալ մասնագէտներու խումբ մը, իսկ այսօր թանգարանին մէջ տակաւին միայն ես կ’աշխատիմ: Թանգարանը դեռ կայացման ստեղծման, նիւթերու հաւաքման, ձեռքբերման փուլին մէջ կը գտնուի: Յետագային համար ալ պիտի փորձենք խումբ ստեղծել գիտական աշխատանքներ գրելու համար:
«Զ.» -Ի՞նչ համագործակցութիւն կամ համագործակցութեան ծրագիրներ ունիք սփիւռքի հետ: Ի՞նչպէս կ’իրականացուին այցելութիւնները:
«Ժ. Ս.» – Համագործակցութեան նպատակներ ունինք: Մեր հաւաքածոն չի սահմանափակուիր միայն Հայաստանի գիտնականներով, մենք ունինք նաեւ այլազգի մասնագէտներ, որոնք ժամանակին գործած ու աշխատած են Հայաստանի մէջ, նաեւ ընդգրկած ենք այն սփիւռքահայերը, որոնք դեր խաղցած են գիտութեան եւ թեքնիկայի ոլորտին մէջ: Մեզի համար նշանակութիւն չունի, թէ տուեալ գիտնականը ո՛ւր ապրած եւ գործած է. եթէ կապ ունի Հայաստանի հետ, ապա մեր քով անպայման կը ներկայացուի:
Թանգարանի առաջնային խնդիրն է հաւաքել, պահպանել եւ ցուցահանդէսներու միջոցով հասարակութեան ներկայացնել Հայաստանի եւ օտարերկրեայ հայազգի գիտնականներու ու գիւտարարներու յայտնագործութիւնները, գիւտերը, նորարարութիւնները եւ գիտաթեքնիկական նուաճումները:
Թանգարանի մուտքը ազատ է բոլորի համար, միայն պէտք է նախապէս պայմանաւորուած ըլլալ այցելութիւններու համար: Իսկ այցելուներու տպաւորութիւնները կրնաք գիտնալ այցելութիւններու մատեանէն: Մեզի այցելող դպրոցականները այստեղէն կը հեռանան ոգեւորուած եւ հետաքրքրական տեղեկութիւններով լեցուած:
«Զ.» – Թանգարանի մուտքը անվճար է բոլոր այցելուներու համար: Թանգարանի տնօրէն Ժիրայր Սեւոյեանը սիրով կը սպասէ բոլոր այցելուներուն: Դպրոցական եւ զբօսաշրջիկներու խումբերու այցելութիւնները կը կազմակերպուին նախնական պայմանաւորուածութեամբ։
Մեր պտոյտի ընթացքին գիտցանք, որ Գիտութեան եւ թեքնիքայի թանգարանի առաջին յարկին վրայ կը գտնուի նաեւ տիեզերքի թանգարանը, որ տեղափոխուած է Գառնիի տիեզերական աստղագիտութեան հիմնարկէն եւ ուր բացումը կատարուած է 2001 թուականին: 2001-ին բացումին մասնակցած են Գրիգոր Գուրզադեան, տիեզերագնաց Վալենթին Լեպեդեւ, ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահ Ֆադեյ Սարգսեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Զօրի Բալայեան եւ ուրիշներ:
Ցուցանմոյշներու անվտանգութեան խնդիրներու հետ կապուած յետագային որոշուեցաւ թանգարանը տեղափոխել Երեւան: Նորացուած եւ հարստացուած թանգարանը վերաբացուեցաւ Երեւանի մէջ 2015 թուականի Նոյեմբերին: Զգացէ՛ք տիեզերական դարաշրջանի սկզբնաշունչը՝ հպելով տիեզերքէն վայրէջք կատարած սարքերուն, նաեւ տիեզերագնացներու, տիեզերանաւերու ճարտարագէտներու, գիտնականներու բացառիկ փաստաթուղթերուն:
Այս երկու հետաքրքրական թանգարանները կը գնտուին Երեւանի Նոր Նորք վարչական շրջանի Բագրեվանդ թաղամասին վրայ: Հեռ. +374 94 596642 ել-նամակի հասցէ: stmuseum@gmail.com