Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան Եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Միութեան Կեդրոն

Երկուշաբթի, 29 Յունուար 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ միաբան հայրերու, այցելեց հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքին եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին։

Երկու կրօնական կեդրոններուն մէջ եղբայրական սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած խօսակցութիւնները, հոգեւոր հայրերու ներկայութեան, կեդրոնացան ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը յուզող, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք ու միջ-համայնքային գործակցութեան առնչուած հարցերու շուրջ։

Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց մեր ազգին ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը՝ յիշեցնելով, որ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները քրիստոնէական, ազգային ու մշակութային նոյն արմատները, աւանդութիւնները, մտահոգութիւնները ու մարտահրաւէրները ունին. հետեւաբար, անհրաժեշտ է համախմբուիլ մեր ազգը ու հայրենիքը միացնող արժէքներուն ու ձգտումներուն շուրջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին