ՀՀ ԱԻՆ Երկրաշարժագիտութեան պաշտպանութեան ծառայութեան ցանցը Յունուար 24-ին, տեղական ժամանակով ժամը 18:09-ին արձանագրած է հիւսիսային լայնութեան 40.100 եւ արեւելեան երկայնութեան 44.820 աշխարհագրական տուեալներով, (Հայաստան, Գառնի գիւղէն 7 քմ հարաւ-արեւելք), օճախի 10 քմ խորութեամբ եւ 2.2 հզօրութեամբ երկրաշարժ:
ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան պաշտօնական կայքին համաձայն՝ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 2-3 աստիճան:
Երկրաշարժը զգացուած է Գառնի գիւղին մէջ` 2-3 աստիճան հզօրութեամբ: