Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Բանակի Ներկայ Հզօրութիւնը 2016-ի Մարտունակութեան Հետ Համեմատելի Չէ. Լեւոն Մնացականեան

ՀՀ պաշտպանութեան բանակի ներկայ հզօրութիւնը 2016-ի մարտունակութեան հետ համեմատելի չէ:

Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, երէկ` Յունուար 24-ին, հրաւիրած մամուլի ասուլիսի մը ժամանակ յայտարարած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան:

Խօսելով ԱՀ պաշտպանութեան բանակի 2017-ին կատարուած աշխատանքներուն մասին` Լ. Մնացականեան ըսած է, որ համարժէք միջոցներ ձեռնարկուած են առաջին հերթին մարտական զօրահաւաքային պատրաստակամութեան համար:

«Կառուցուածքային փոփոխութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ բոլոր առումներով մեր հնարաւորութիւնները աճած են, փոխուած են մօտեցումները պահեստազօրայիններու հետ եւ հաւաքներու միջոցով աւելցուած է ռազմաուսուցանուած պահեստազօրներուն քանակը բոլոր մասնագիտութիւններով` աւելի շատ` հրասայլային, հակա-հրասայլային եւ հրետանային ստորաբաժանումներու մասնագէտներու»,- ըսած է պաշտպանութեան նախարարը եւ աւելցուցած, որ հիմնական շեշտը շարունակած է մնալ մարտական հերթապահութեան, ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման եւ դիրքապահ զինծառայողներու համար աւելի բարենպաստ պայմաններու ստեղծման վրայ:

Նախարարը նշած է նաեւ, որ կատարելագործուած են բոլոր ճարտարագիտական, ամրաշինական կառոյցները, կահաւորուած են նոր դիրքեր: Փորձած են զարգացնել ճանապարհային ցանցը, որ այնքան կարեւոր է մարտական գործողութիւններու ժամանակ` հիմնական ուշադրութեան կեդրոնին պահելով անձնակազմի անվտանգութեան ապահովման խնդիրը:

«Հրետանիի, հակաօդային պաշտպանութեան հնարաւորութիւնները եւս նախկինի հետ համեմատելի չեն: Աւելցուած է նաեւ նշանուղիներու եւ մեր յարձակման ընթացքին խոցուող նշանակէտերուն քանակը ինչպէս գիշերային, այնպէս ալ ցերեկային պայմաններու մէջ: Ճարտարագիտական-թիկունքային ապահովման հարցերով եւս մեծ ծաւալի աշխատանքներ տարուած են, եւ հիմնական շեշտը դրուած է դաշտային պայմաններու մէջ միաւորումներու, զօրամասերու, ստորաբաժանումներու կենսագործունէութեան ապահովման վրայ»,- ըսած է Լ. Մնացականեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին