Հինգշաբթի, 19. 06. 2025

spot_img

Խաչքարերը Մեր Պատմութեան Ամենախորհրդանշական Վկաներն են. Մ. Մինասեան

Խաչքարերը մեր պատմութեան ու մշակոյթի, թերեւս, ամենախորհրդանշական վկաներն են: Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Միքայէլ Մինասեան:

«2014 թուականին Վատիկանեան թանգարաններուն մէջ բացուեցաւ եւ մշտական ցուցադրութեան դրուեցաւ հայկական միջնադարեան խաչքար: 1246 թուագրուող խաչքարը այդ օրուընէ իր պատուաւոր տեղը ունի Վատիկանեան թանգարաններու Ուրբանոս 8-րդ Պապի անուան ցուցասրահին մէջ` հանրայայտ Սիքսդինեան կապելլայի մօտ:

Ամէն օր Վատիկանեան թանգարաններ կ’այցելէ միջին հաշուով 27 հազար մարդ` աշխարհի տարբեր երկիրներէ: Թանգարանի մասնագէտներուն կարծիքով` միայն 2016-ին հայկական խաչքարին ծանօթացած է աւելի քան 5 միլիոն այցելու: Ինծի համար այնչափ խորհրդանշական է, որ տարեկան միլիոնաւոր մարդիկ կը ծանօթանան հայկական խաչքարի արուեստին»,- գրած է Մինասեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին