«Տինքը իր ամբողջ կեանքի ընթացքին պաշտպանեց խաղաղութեան եւ արդարութեան մէջ միասին ապրելու կամքը: Սակայն, դժբախտաբար, ասկէ ճիշդ 11 տարի առաջ սպաննուեցաւ պետութեան հետ առնչութիւն ունեցող կազմակերպութեան կողմէ»: «Armenpress.am»-ի տեղեկութիւններով՝ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ իր ելոյթը այս խօսքերով սկսած է Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան:
«Յանցագործութենէն շուրջ երեք տարի առաջ իր պարբերականին մէջ Տինք հարապարակեց տեղեկութիւն այն մասին, թէ Սապիհա Կէօքչենը` Աթաթուրքի որդեգիր զաւակը, հայ որբ է: Թուրքիոյ մէջ անձի մը հայ ըլլալուն մասին պնդումը անմիջապէս ընդունուեցաւ իբրեւ մեծ յանցանք: Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտը հայ ըլլալու մասին այդ պնդումը յանցագործութիւն նկատեց: Սպայակոյտը յատուկ յայտարարութեամբ թիրախաւորեց Հրանդ Տինքը, յայտարարուեցաւ, թէ ան «կը վիրաւորէ թրքականութիւնը»: Ի հարկէ, ասոր որոշակի զարգացումներ յաջորդեցին»,- նշած է երեսփոխանը:
Փայլան յիշեցուցած է, որ նոյնիսկ իշխող Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխանները եւ ներկայացուցիչները չխորշեցան Տինքը թիրախաւորող յայտարարութիւններէն: Օրինակ՝ այն ժամանակուան արդարադատութեան նախարարը Հրանդ Տինքի համար յայտարարած էր. «Թիկունքէն մեզ կը դաշունահարեն»: Նմանօրինակ յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ նաեւ այն ժամանակ երեսփոխան Ճեմիլ Չիչեք: «Այդպիսի դէպքերու մէջ Տինք նոյնիսկ կանչուեցաւ Պոլսոյ նահանգապետարան, ուր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները անոր սպառնացին` ըսելով. «Չափդ գիտցի՛ր»: Եւ այդ ամբողջ ընթացքին Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը իշխանութեան ղեկին էր եւ կը հետեւէր կատարուող իրադարձութիւններուն: Եւ այս բոլորին պատճառով` ամբողջ պետութեան մը հետախուզական մարմիններու տեղեկացուածութեան պայմաններուն մէջ, անոնց աչքին առջեւ Տինքը սպաննուեցաւ»,- ընդգծած է Փայլան:
Ան նաեւ նշած է, որ թէեւ իրենք բազմիցս երկրին իշխանութիւնները յորդորած են հետամուտ ըլլալ յանցագործութեան բացայայտման գործին մէջ, սակայն Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութիւնը փոխարէնը յանցագործութեան մէջ մեղաւոր բոլոր գործիչներուն պաշտօնները բարձրացուց` դարձուց նախարար, նահանգապետ, հետախուզական վարչութեան ղեկավար: Փայլանի համոզումով` այս անհետեւողականութիւնն է պատճառը, որ երկրին մէջ կը շարունակուին յանցագործութիւնները, հասարակութեան տարբեր հատուածներ մէկը միւսին դէմ դուրս կու գան, յեղաշրջման փորձեր տեղի կ’ունենան:
«Յարգելի՛ գործընկերներ, տակաւին շատ չենք ուշացած: Գիտեմ, որ հիմա ոտքի պիտի կանգնիք եւ ըսէք` գործին մէջ ներգրաւուած երկու կիւլենական կայ, անոնք են մեղաւորները: Սակայն ո՛չ, միայն կիւլենականները չեն, այստեղ ամբողջ պետութեան հաւաքական պատասխանատուութիւնը կայ: Յիշեցէ՛ք, որեւէ անպատիժ յանցագործութիւն նոր յանցանքի պատճառ կը դառնայ: Մի՛ մոռնաք, յանցագործները թաքցնողները եւս մեղսակից են»,- յայտարարած է Փայլան:
Ան նշած է, որ իրենք` Տինքի ընկերները պիտի շարունակեն արդարութեան հասնելու իրենց պայքարը: Խօսքի վերջաւորութեան Հրանդ Տինքին դիմելով՝ ան հայերէնով ըսած է. «Աստուած հոգիդ լուսաւորէ: Շատ ապրիս, Հրանդ»:
Ուշագրաւ է, որ խորհրդարանի արձանագրութիւններուն մէջ Փայլանի կողմէ արտասանուած հայերէն խօսքերուն վրայ «x» նշան դրուած է: