Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքվիէմ»-ը Արժանացած է Դասական Երաժշտութեան Միջազգային Մրցոյթի Գլխաւոր Մրցանակին

Տիգրան Մանսուրեանի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած «Ռեքվիէմ» ստեղծագործութիւնը արժանացած է Դասական երաժշտութեան միջազգային մրցոյթի գլխաւոր մրցանակին «Ժամանակակից երաժշտութիւն» դասակարգին մէջ:

Մրցոյթը տեղի ունեցած է Յունուար 18-էն 20 Լիւքսեմպուրկի մէջ:

Ըստ «Արմենփրէս»-ի՝  այս իրադարձութեան հետ կապուած Տիգրան Մանսուրեան ըսած է, որ խորապէս յուզուած է մրցոյթի կազմակերպիչներու` իր երկի նկատմամբ ցուցաբերած վերաբերմունքէն եւ շնորհակալ:

«Ռեքվիէմ»-ը ներկայացուած է նաեւ Յունուար 28-ին կայանալիք «Կրեմմի» 60-րդ յոբելեանական մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն երգչախմբային ներկայացում» եւ «Լաւագոյն ժամանակակից դասական ստեղծագործութիւն» անուանակարգերուն մէջ: Խօսելով «Կրեմմի»-ի մասին` Մանսուրեան ըսած է, որ, անշուշտ, կը սպասէ այդ կարեւորագոյն մրցանակաբաշխութեան: «Եթէ մրցանակի արժանանամ, կը կարծեմ, բոլորս ալ ուրախ կ’ըլլանք, եթէ ոչ, Դասական երաժշտութեան միջազգային մրցանակը կայ ու կայ»,- կատակով ըսած է երաժիշտը:

Դասական երաժշտութեան եւրոպական միջազգային մրցանակաբաշխութիւնը սկսած է տեղի ունենալ 2011-ի Ապրիլ 6-էն Քաննի մէջ: Դատական կազմը բաղկացած է տարբեր երաժշտական հեղինակաւոր ամսագիրներու երաժշտութեան քննադատներէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին