Յունուար 20-ին արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի հիւսիսային հատուածին մէջ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը գործողութեան մէջ դրած են հարուածային անօդաչու թռչող սարք` կիրարկելով բաժակի մէջ կաղապարուած ձեռքի նռնակ: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը:
«Զաւեշտական է, որ մօտ 4 միլիառ տոլարի ռազմական պիւտճէի մասին անընդհատ բարձրագոչող Ազրպէյճանը 21-րդ դարուն կ’օգտագործէ տնայնագործութեամբ (кустарный) պատրաստուած ռազմական սարք, զոր 20-րդ դարուն կը կիրարկէին աֆղանական մոջահետները, իսկ ապա նաեւ` Իսլամական պետութեան ահաբեկիչները»,- կ’ըսուի հաղորդարգրութեան մէջ:
Հակառակորդին նախայարձակ գործողութեան հետեւանքով պաշտպանութեան բանակը որեւէ կորուստ չէ ունեցած:
Ազրպէյճան անօդաչու թռչող սարքեր կը գնէ Իսրայէլէն: 2007-ին 1.6 միլիառ տոլարի զէնքի մատակարարման պայմանագիր կնքած է այդ երկրին հետ: Բացի անօդաչուներէն, Իսրայէլ Ազրպէյճանին կը մատակարարէ ռատարներ, հակահրասայլային հրթիռներ, ականանետեր, գիշերային տեսանելիութեան սարքեր ու այլ ռազմական մթերքներ: