Երեքշաբթի, 10. 09. 2024

spot_img

Երեւանի Կապոյտ Մզկիթը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ցանկին Մէջ Ընդգրկելու Համար Յայտ Ուղարկուած է Իրան

Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը Երեւանի Կապոյտ մզկիթը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկելու գործընթացի ծիրէն ներս յայտ ուղարկած է Իրանի իր գործընկերներուն` ուսումնասիրութուններու եւ եզրակացութեան համար: Այս մասին, ըստ «PanARMENIAN.Nеt»-ի, յայտնած է ՀՀ մշակոյթի փոխնախարար Արեւ Սամուէլեան:

Իրանական լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ, Իրանի մշակութային ժառանգութեան, ձեռնարուեստի եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան նախագահ Հոսէյն Թալեբիան ըսած է, որ մզկիթի մօտ գտնուող շարք մը կառոյցներ կը խոչընդոտեն գործընթացը: Ան աւելցուցած է, որ հարցը քննարկուած է Իրանի մէջ ՀՀ դեսպան Արտաշէս Թումանեանի հետ:

2013-ին ՀՀ Մշակոյթի նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ մտադիր է Երեւանի Կապոյտ մզկիթը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներկայացնելու գործընթաց սկսիլ: Իրանական կողմը ողջունած էր նախաձեռնութիւնը:

Քանի մը օր առաջ հաղորդած էինք, որ Իրան յայտարարած է Սպահան նահանգի Ջուղայի մէջ գտնուող հայկական Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին արձանագրել ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկելու մասին: Իրանի մէջ   գտնուող երեք հայկական եկեղեցի արձանագրուած է ցանկին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին