Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը իր էութեամբ ահաբեկչական է, ատոր համար ալ բանակցային գործընթացի խաղաղ կարգաւորման շուրջ բոլոր կարեւոր հանդիպումներուն ժամանակ, անոնցմէ յետոյ եւ անոնց նախօրեակին Պաքուն տապալման նպատակով անպայման առաջնագիծի վրայ կը դիմէ սադրիչ գործողութիւններու:
Այս մասին, ըստ «Artsakhpress.am»-ի, ըսած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Պապայեան` անդրադառնալով Յունուար 20-ին Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի հիւսիսային հատուածին վրայ՝ հակառակորդին կողմէ ձեռնարկուած հերթական սադրանքին, ուր անօդաչու թռչող սարքէն հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ կիրարկուած է ականանետի արկ:
«Մենք այսպիսի քաղաքականութեան սովոր ենք եւ աւելին, նաեւ կանխատեսած ենք, որ յատկապէս 2018 թուականին հակառակորդին կողմէ սադրիչ գործողութիւնները իւրայատուկ բնոյթ պիտի կրեն, քանի որ Ազրպէյճանի մէջ կը սպասուին շարք մը իրադարձութիւններ: Նախ` այս տարի Ազրպէյճանի մէջ նախագահական ընտրութիւններ պիտի ըլլան, նաեւ 2018-ին կը լրանայ այդ արհեստածին պետութեան ձեւաւորման 100-ամեակը, Հէյտար Ալիեւի ծննդեան 95-ամեակը եւ, այսպէս կոչուած, կը լրանայ նաեւ Աղդամի, Ֆիզուլիի, Ջէպրայիլի, Գուպաթլուի, Զանգելանի, Քելբաջարի յենակէտերու, կրակակէտերու «կորուստ»-ի 25-ամեակը, եւ բնական է, որ այս ամէնը պարարտ հող կը ստեղծէ շահարկումներու, սուտի, հայրենասիրական բղաւումներու համար: Եւ այս առումով, անոնք յարձակողական քայլեր պիտի ձեռնարկեն տեղեկատուական դաշտի մէջ, քաղաքական, դիւանագիտական հարթութիւններու վրայ, ի հարկէ, նաեւ տարբեր սադրանքներու պիտի դիմեն սահմանի երկայնքով. Ա՛յս է էութիւնը այդ պետութեան»,- ըսած է հանրապետութեան նախագահի մամուլի քարտուղարը:
Դ. Պապայեանի կարծիքով, լայնածաւալ պատերազմի վտանգ առայժմ չկայ, բայց պէտք է պատրաստ ըլլանք, քանի որ այդպիսի ահաբեկչական, կեղտոտ քայլերու թշնամին պարբերաբար պիտի փորձէ դիմել տարուան ընթացքին:
Անդրադառնալով օրերս Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին զէնքի հերթական խմբաքանակի մատակարարման` Դ. Պապայեան նշած է, որ պաշտօնական Ստեփանակերտի դիրքորոշումը չէ փոխուած, որ դէմ է Ազրպէյճանին որեւէ պետութեան կողմէ զէնք վաճառելու գործարքին:
«Մենք կը կարծենք, որ Ազրպէյճանի հետ որեւէ քաղաքակիրթ պետութիւն, ընդհանրապէս պէտք չէ առնչուի, քանի որ այդ երկիրը կը վարէ ահաբեկչական քաղաքականութիւն: Բացի Արցախի դէմ պարբերաբար իրականացուող ռազմական գործողութիւններէն, ներկայիս ազրպէյճանցի մօտ 1000 գրոհային կը մասնակցի Իսլամական Պետութիւն ահաբեկչութեան կազմակերպութեան քայլերուն: Իսկ այդ պայքարը քաղաքակիրթ աշխարհին դէմ է, ներառեալ` Ռուսիոյ»,- ըսած է Դ. Պապայեան: