Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժը համարուող քեմալական կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն թուիթըրի իր պաշտօնական էջին գրառում կատարած է պոլսահայ լրագրող, «Ակօս»-ի հիմնադիր եւ նախկին գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի մասին:
«Իմ յարգանքս կը յայտնեմ 11 տարի առաջ յարձակման զոհ դարձած լրագրող Հրանդ Տինքի յիշատակին»,- ըսած է քեմալականներու առաջնորդը:
Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան պաշտօնական էջին ալ կուսակցութեան գլխաւոր շտապը նշած է, որ պիտի շարունակեն պայքարիլ յանուն ազատ Թուրքիոյ՝ ի յիշատակ այդ հողերուն վրայ անարդար կերպով կեանքէն հեռացածներուն, ինչպիսին էր Տինքը:
«Յարգանքով կը յիշենք 11 տարի առաջ այս օրը դաւաճանաբար իրականացուած սպաննութեան հետեւանքով մեզմէ հեռացած Հրանդ Տինքը»,- նշուած է կուսակցութեան էջին Տինքի նկարին կից եղած գրառման մէջ:
Տինքի մահուան տարելիցի առթիւ Ֆէյսպուքի իր պաշտօնական էջին գրառմամբ հանդէս եկած է կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Սելինա Տողանը։
«11 տարի անցած է: Չենք մոռցած, չենք մոռնար… անոր «մեղքը» շատ մեծ էր: Ան ջանք թափած էր, որպէսզի մեծ հասարակութիւնը տեսնէ հայերու՝ անցեալին ապրած ցաւերը: Այնքան մեծ էր այդ «մեղքը», որ նախ թիրախաւորուեցաւ մամուլի կողմէ, անոր դէմ դատական գործեր բացուեցան, իսկ յետոյ ալ 17 տարեկան երեխայի ձեռքը զէնք տալով սպաննեցին զինք «Ակօս»ի դիմաց, այն «Ակօս»-ի, որուն ան փայփայած ու աճեցուցած էր իր սեփական երեխային պէս: Չենք մոռացած, չենք մոռանար… »,- գրած է Տողան ընկերային ցանցի իր էջին վրայ:
Հայազգի պատգամաւորը շեշտած է, որ Տինքի սպաննութիւնը եղած է մանրակրկիտ կերպով ծրագրաւորման արդիւնք եւ իրենք՝ որպէս իրաւապաշտպաններ ու օրէնքի դաշտի մարդիկ, շատ լաւ գիտեն, թէ ի՛նչ կը փաստէ Տինքի սպաննութեան կազմակերպիչներու անուններու մինչ օրս չհրապարակուած ըլլալը: