Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Տինքը Միակն էր, Որ Կրնար Հաշտեցնել Հայերն Ու Թուրքերը. Պասքըն Օրան

Թուրք մտաւորական Պասքըն Օրան համոզուած է` Հրանդ Տինքը լռեցուցին, քանի որ միակ մարդն էր, որ կրնար հաշտեցնել հայերն ու թուրքերը: Այս մասին Տինքի մահուան 11-րդ տարելիցին թուրք մտաւորականը ըսած է «Արմենփրէս»-ին:

Թէեւ Տինքի սպանութենէն անցած է աւելի քան 10 տարի, սակայն սպանութեան իրական մեղաւորները դեռ չեն պատժուած: Հարցումին, թէ արդեօք կարելի՛ է ակնկալել, որ թրքական դատական համակարգը ի վերջոյ գտնէ պոլսահայ մտաւորականին սպանութեան իրական կազմակերպիչները` Օրան ըսած է. «Մեր օրերուն Թուրքիայէն կարելի չէ արդարութիւն ակնկալել որեւէ հարցով: Գործադիր իշխանութիւնները գերի վերցուցած են դատական համակարգը: Դատարանները այլեւս չեն լսեր Սահմանադրական դատարանի որոշումները: Սակայն Հրանդի իրական մարդասպանները անշուշտ օր մը պիտի յայտնաբերուին եւ պատժուին»:

Այն հարցումի, թէ ի՛նչ կ’ըսէր Հրանդին, եթէ հնարաւորութիւն ունենար այսօր տեսնելու զինք, թուրք մտաւորականը ըսած է. «Ներկայ ժամանակներուն փողոց դուրս մի գար: Խելագարուած են, կրնան սպաննել»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին