Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Հայր Անդրանիկ Ծ. Վ. Կռանեանի «88 + Յաւերժ» Յուշահանդէս

Բարձր Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ  Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Շաբաթ, 20 Յունուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին ՀԿՄ-ի «Արարատեան» սրահին մէջ, Աշրաֆիէ, տեղի ունեցաւ Հայր Անդրանիկ Ծ. Վ. Կռանեանի «88 + Յաւերժ» Յուշահանդէսը:

Յուշահանդէսին ներկայ էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառի ներկայացուցիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան ներկայացուցիչ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, բարձրաստիճան կղերականներ, պետական, կուսակցական եւ միութենական ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով Հայր Անդրանիկը սիրողներ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀԿՄ-ի քայլերգներու յոտընկայս ունկնդրութենէն ետք ներկաները առիթը ունեցան դիտելու ՀԿՄ Պատանեկան Միութեան խոստումի տպաւորիչ եւ բովանդակալից արարողութիւնը: Հայր Անդրանիկը ներկայ էր խոստումին, վաշտերու անուններուն եւ ՀԿՄ Պատանեկան Միութեան ծրագրի ու կանոնագրի իւրաքանչիւր բառին մէջ:

Բացման Խօսքով հանդէս եկաւ Գեր. Տ. Սեպուհ Վրդ. Կարապետեան: Ապա Հայր Անդրանիկի կեանքն ու գործը ամփոփող տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ, զորս պատրաստուած էր Հայ Կաթողիկէ Համալսարանական Միութեան կողմէ: Յուզիչ էր Հայր Անդրանիկի կենդանի ներկայութիւնը անոր մէջ մինչ իր ուղղած պատգամները, աւելի քան խորունկ եւ պարտաւորեցնող:

Գերապայծառ Հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատեան ներկաներուն ներկայացուց «Հայր Կռանեան Հոգեւորականը»:

Յուզիչ էր Հայր Անդրանիկի «Երթամ … Երթամ» իր 81-րդ տարեդարձին առիթով գրած  (օրին անտիպ) գործին ընթերցումը Մարինա Սամանլեանի կողմէ:

«Հայր Անդրանիկ Մտաւորականը» ներկայացուց Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան:

Հայր Անդրանիկի շուրջ կէս դարու գործակից Պրն. Ժիրայր Դանիէլեան ներկայացուց «Հայր Կռանեան Խմբագիրը»: (Արտասանուած խօսքերուն առանձին պիտի անդրադառնանք յաջորդիւ – «Խմբ.»):

Տպաւորիչ էին գեղարուեստական յայտագրի Կոմիտասեան Շարանը, զորս բարձր մակարդակով հրամցուցին արհեստավարժ երաժիշտներ՝ Պորիս Միրզոյեան (ջութակ), Հայկ Տէր Յովհաննէսեան (Ալթջութակ), Հայկ Պապայեան (թաւթուջակ), եւ Գէորգ Քէշիշեան (սրինգ) ինչպէս նաեւ Զմառռու Ընծայարանի Ժառանգաւորներու «Բազմաչարչար Նահատակ» եւ «Աղաչեայ Վասն Մեր» խմբերգները:

Աւարտին, Հայրապետական Խօսք ու Օրհնութեամբ հանդէս եկաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքը, որ իր խօսքն ու յուշահանդէսը եզրափակեց Պահպանիչով:

Աւարտին, ներկաներուն նուիրուեցաւ այս առիթով յատուկ պատրաստուած «Աւետիք» պարբերաթերթի յաւելուածը՝ Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանին նուիրուած վկայութիւններ, հրաժեշտի խօսքեր եւ ցաւակցագրեր պարունակող գրքոյկը, զոր խմբագրուած էր Գեր. Հայր Սեպուհ Վրդ. Կարապետեանի, պարոնայք Սարգիս Նաճարեանի եւ Արամ Գարատաղլեանի կողմէ:

Վարձքը կատար Հայր Անդրանիկի ծննդեան տարեդարձին օրը իրեն նուիրուած այս իմաստալից յուշահանդէսը պատրաստողներուն:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

 

«Զ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին