Ռուս-իսրայէլացի պլոկըր Ալեքսանտր Լափշին յայտնեց, որ իր ձերբակալութեան համար Ազրպէյճան ծախսած է մէկ միլիառ տոլար: Այս մասին պլոկըրը գրած է իր ֆէյսպուքի էջին վրայ:
«Դժուար է այս բոլորը արտայայտել գումարի յստակ չափով: Կը համարձակիմ ենթադրել, որ Պաքուի բանտին մէջ իմ մնալուն համար ազրպէյճանցի ժողովուրդը վճարած է ոչ պակաս, քան 1 միլիառ տոլար: Որպէսզի հասկնաք, թէ ի՛նչ է մէկ միլիառ տոլարը Ազրպէյճանի համար, կ’ըսեմ, որ միջին աշխատավարձը Պաքուի մէջ չի գերազանցեր ամսական 300 տոլարը, իսկ շրջաններու մէջ՝ 200 տոլարը: Կենսաթոշակները առնուազն 100 տոլար կը կազմեն», կը գրէ Լափշին:
Պլոկըրը կը յայտնէ, որ այդ գումարով անոնք կրնային կացարաններ կառուցել Ղարաբաղէն գաղթականներու համար, որոնք աղքատութեան մէջ կ’ապրին:
Լափշին կը գրէ, որ իրեն հետ կապուած պատմութեան պատճառով, անշուշտ, ոչ ոք խզեց Պաքուի հետ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները, պատժամիջոցներ չսահմանեց եւ չդադրեցուց զէնք վաճառելը, սակայն «անուղղակի վնասը, կը կարծեմ, հսկայական է եւ ակնյայտօրէն չի համապատասխաներ իմ անձին նկատմամբ վնասի տարողութեան»: Ըստ անոր՝ Ռուսիոյ նախագահ Փութին այն մարդը չէր, որ կը հանդուրժէր իր նկատմամբ Ազրպէյճանի արհամարհանքը, եւ անմիջապէս դադրեցուց իր տարածքին մէջ չափազանց ազդեցիկ Համառուսական-ազրպէյճանական քոնկրեսի գործունէութիւնը:
«Ակնյայտօրէն, իմ պատմութիւնը շատ զբօսաշրջիկներու ետ կանգնեցուց Ազրպէյճան այցելելու միտքէն: Եւ երբեք կարելի չէ գիտնալ, թէ որքանո՛վ կրնայ ըլլալ ընդամէնը հազար, կամ հարիւր հազար: Բայց այս մէկը նոյնպէս միլիոնաւոր տոլարի վնաս է: Հինգ միլիոն, թէ քսան՝ այդ գումարներով անոնք կրնային ամբողջ փոքր թաղամաս կառուցել աղքատութեան մէջ ապրող Ղարաբաղէն գաղթականներուն համար», կը պատմէ Ալեքսանտր Լափշին: