18 Յունուար 2018-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին Երուսաղէմի ընդհանուր ոստիկանապետը եւ Հին քաղաքի պատասխանատու ոստիկաններ Պատրիարքին այցելեցին Ս. Ծնունդը շնորհաւորելու եւ դէպի Բեթղեհէմ թափօրին հսկողութեան համար:
Ժամը 9:30-ին Ամեն. Պատրիարք Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ Միաբանութիւնը ինքնաշարժներու շարանով ճամբայ ելաւ դէպի Բեթղեհէմ:
Ճամբու կիսուն Յունաց Ս. Եղիա վանքին առջեւ Պատրիարք Սրբազան Հօրը դիմաւորելու եկած էին Պէյթ-Սահուրի եւ Պէյթ-Ճալայի քաղաքապետները եւ պետական ներկայացուցիչներ: Իսրայէլեան հինգ ոստիկան ձիաւորներ ընկերացան Պատրիարք Սրբազան Հօր ինքնաշարժին, մինչեւ Ռաքէլի գերեզմանը, որմէ ետք թափօրը առաջնորդուեցաւ դէպի Բեթղեհէմ:
Քաղաքի մուտքին, ինքնաշարժներէն դուրս ելլելով, Պատրիարք Սրբազան Հայրը եւ Միաբանութեան անդամները յառաջացան մինչեւ հրապարակ: Բեթղեհէմի հրապարակին վրայ դիմաւորուելով Բեթղեհէմի ընդհանուր ոստիկանապետի, քաղաքապետ Տիար Անտոն Սալմանի եւ պաշտօնեաներու կողմէ, նաեւ Հ. Ե. Միութեան եւ Հ.Մ.Ը. Միութեան սկաուտական խումբերէն, «Խորհուրդ Մեծ» շարականի երգեցողութեամ եւ Տաճարին զանգերու ղօղանջին ներքոյ թափօրը բարձրացաւ Ծննդեան Տաճարի Հայկական վանքը, ուր ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Բեթղեհէմի քաղաքապետն ու կրօնից նախարարը, ապա Պատրիարք Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն:
Յետ միջօրէի ժամը 2-ին Պատրիարք Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ «Հրաշափառ»-ով մուտք կատարուեցաւ Ս. Ծննդեան Տաճար եւ Ս. Այր: Ճրագալոյցի Ս. Պատարագը Ս. Այրին մէջ մատոյց Տ. Տիրան Աբեղայ Յակոբեան: Ապա Միաբանութիւնը բարձրացաւ Հայոց Վանք: Բակին մէջ կարդացուեցաւ Ս. Ծննդեան Աւետարանը եւ երգուեցաւ «Փառք ի բարձունս»:
Երեկոյեան ժամը 7-ին Ս. Ծննդեան տօնին առիթով տրուած հիւրասիրութեան ներկայ էր նաեւ Պաղեստինի Վարչապետ Պրն. Ռամի Համդուլլահ:
19 Յունուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 10-ին Գիշերային պաշտամունքէն ետք Միաբանութիւնը կ’իջնէ Ս. Ծննդեան Այր, ուր կը շարունակուի «Փառք ի բարձունս»-ի երգեցողութիւնը:
Պաղեստինի Վարչապետ Ռամի Համդուլլահ եւ կառավարութեան ներկայացուցիչներ եւս ներկայ էին Այրի արարողութեան, որոնք Պատրիարք Սրբազան Հօր արաբերէն եւ հայերէն փոխանցած Ծննդեան պատգամներէն ետք մեկնեցան:
Պաշտամունքները շարունակուեցան Տաճարին մէջ: Աւագ սեղանին վրայ պատարագեց Հայաստանէն Տ. Արիստակէս Վարդապետ Այվազեան: Պատարագին յաջորդեց Ջրօրհնեաց արարողութիւնը: Ջրօրհնէքի արարողութեան հանդիսապետն էր Ս. Աթոռոյս Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան: Ճաշու ժամերգութենէն ետք Ս. Ծննդեան Այրին մէջ պատարագեց Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեանը: Պաշտամունքներու աւարտին, առաւօտեան ժամը 6:30-ին Միաբանութիւնը թափօրով եւ երգեցողութեամբ բարձրացաւ Հայոց վանք եւ բակին մէջ կարդացուեցաւ Ս. Ծննդեան Աւետարանը եւ երգուեցաւ «Փառք ի բարձունս», ապա Միաբանութիւնը վերադարձաւ Երուսաղէմ: