Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

«Եթէ Ճանչնաք Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Ինծի ի՞նչ Օգուտ, Դո՛ւք Մարդ Պիտի Ըլլաք». 11 Տարի` Առանց Տինքի

*ԱՐԱԶ ԳԱՅՄԱԳԱՄԵԱՆ*

 
Լրացաւ պոլսահայ յայտնի լրագրող,  Պոլսոյ մէջ հայերէն եւ թրքերէն լեզուներով տպագրուող միակ թերթի` «Ակօս»-ի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի դաւադիր սպանութեան 11-րդ տարելիցը:

Հրանդ Տինք ծնած է 1954-ի Սեպտեմբեր 15-ին Արեւմտեան Հայաստանի Մալաթիա գաւառը:  Պոլիս տեղափոխուելէ ետք անոր ծնողները ամուսնալուծուած են, եւ ան յայտնուած է Կետիքփաշայի հայկական որբանոցը, ուր հանդիպած է իր ապագայ տիկնոջը՝ Ռաքելին:

1996 թուականին Տինք կը հիմնէ «Ակօս» թերթը, որ կը դառնայ Թուրքիոյ միակ հայերէն-թրքերէն պարբերականը:

Հրանդը յայտնի էր իր անվախ ելոյթներով, քաղաքական ամենախճճուած խնդիրները համարձակ մեկնաբանող յօդուածներով, եւ պատահական չէ, որ 2007-ի Յունուար 19-ին «Ակօս»-ի խմբագրատան առջեւ` ետեւէն գլխուն արձակուած երեք հրազինային կրակոցներու անմեղ զոհը կը դառնայ: Մարդասպանը հեռանալու ատեն կը գոչէր` «Կեաւուր», ինչ որ ենթադրելու հիմք կու տայ, որ սպանութիւնը կատարուած է ազգային հողի վրայ:

Տինք իր ամբողջ կեանքին ընթացքին պայքարեցաւ` յանուն արդարութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը թուրք ժողովուրդին ներկայացնելու համար եւ չվարանեցաւ իր կեանքով վճարել` այդ նպատակը իրականացնելու համար:

Տինք իր նպատակին հասաւ, թէ՝ ոչ, չենք կրնար ըսել, սակայն փաստը այն է, որ անոր մահով շատերը համարձակութիւն գտան` բարձրաձայնելու իրենց հայ ինքնութեան մասին:

Իսկ անոր մահուան մասին կարելի է ըսել` թիկունքին արձակուած կրակոցը չսպանեց զայն, այլ միայն անմահացուց:

Ստորեւ կը վերահրապարակենք հատուածներ Հրանդ Տինքի ելոյթներէն, որոնք այնքա՜ն արդիական են այժմ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու համար:

* * *

Հիմա Թուրքիոյ մէջ բոլոր այս շարժումները մէջտեղ հանեցին ինքնութեան հարց` ո՞վ է թուրքը: Քիւրտը ըսաւ` ես թուրք չեմ` քիւրտ եմ: Ես ալ օր մը գացի Ուրֆա, ինծի հարցում մը հարցուած էր, որ «ամէն օր ձեր դասարանին մէջ, դպրոցներուն մէջ «Թուրք եմ, ճիշդ եմ, աշխատասէր եմ» կ’ըսէք, ամէնօրուայ ձեր ելոյթը կունենաք, ի՞նչ կը զգաք»: Ես ալ ըսի` «ես շիտակ եմ, աշխատասէր եմ, բայց թուրք չեմ»:

 * * *

Թուրքիոյ նախկին նախագահ Սուլէյման Տեմիրելը կ’ըսէ, որ «հայերուն մէկ կտոր քար իսկ չեմ տար»: Իր քարը թող իրեն մնայ: Այո՛, մենք` հայերս, այս հողերուն վրայ աչք ունինք: Աչք ունինք, բայց  չկարծէք, որ պիտի գանք եւ այս հողերը շալկենք, տեղ մը պիտի տանինք: Մենք պիտի գանք այս հողերուն տակը պիտի մտնենք: Ահա, այդքան աչք ունինք այս հողերուն վրայ:

* * *

Եթէ դուք ճանչնաք Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինծի ի՞նչ օգուտ, դուք պիտի օգտուիք, դո՛ւք մարդ պիտի ըլլաք: Ես իմ պապերուս ցաւը, իրականութիւնը կը շալկեմ, յաւիտեանս յաւիտենից պատիւովս կը տանիմ, բայց ձեզի ի՞նչ պիտի ըլլայ: Եթէ չճանչնաք, այսպէս պիտի մնաք: Անգամ մը եւս պիտի գործէք: Հայերը ջարդեցիք, հիմա քիւրտերը պիտի ջարդէք: Աս է իրականութիւնը:

* * *

Ես որեւէ ազգի` ոչ ֆրանսացիներէն, ոչ գերմանացիներէն, ոչ ամերիկացիներէն Ցեղասպանութեան ճանաչման նկատմամբ աշխատանք չեմ տարած եւ չեմ տանիր, որովհետեւ իրենց երբե՛ք չեմ վստահած, չեմ վստահիր ալ…:

* * *

Այո, երբեմն, մարդ եմ, կը վախնամ: Դժուարութիւններ կ’ապրիմ այդ երկրին մէջ: Երբեմն սպառնալիքները կը հասնին ոչ թէ իմ անձիս, այլ մինչեւ իմ ընտանիքիս: Այդ ատեն կը վախնամ: Ես ունիմ իմ իրաւունքը իմ հերոսութիւնը ընելու, բայց կրնա՞մ արդեօք զաւակիս անունով ալ հերոսութիւն ընել: Երբեմն կը մտածեմ` առնեմ զաւակներս, դուրս երթամ, բայց մինչեւ այսօր չգացի` մնացի: Տեսնենք` ասկէ վերջ…:  

 * * *

Եթէ դուք կը կարծէք, որ Թուրքիոյ հասարակութիւնը իրականութիւնը գիտէ եւ կ’ուրանայ, այդպէս շարունակեցէք: Ո՛չ, իրականութիւնը չի գիտեր: Ինչ որ գիտէ, անիկա կը պաշտպանէ: Ուրեմն, ձերը` չեմ գիտէր, բայց իմ առաջին պարտականութիւնս անոնց իրականութիւնը գիտցնելն է: Այս ուղղութեամբ կ’աշխատինք մենք Թուրքիոյ մէջ, ասոր համար ալ պետականութիւնը մեզ չի վարձատրեր: Այո՛, երբեմն կը վարձատրէ` բանտարկելով, կամ դատապարտելով:

«Եռագոյն»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին