Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Արցախի Մէջ Առաջին Արեւային Ելեկտրակայանը Պիտի Կառուցուի Օտարերկրեայ Ներդրումներով

Յառաջիկային Շուշիի շրջանի Քարին տակ համայնքին մէջ բնակելի տուները ջրատաքացման նպատակով պիտի մեկնարկէ արեւային մարտկոցներով կահաւորելու փորձնական ծրագիրը:

Ըստ «Արցախփրէս»-ի՝  այս մասին Յունուար 17-ին կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ, խօսելով Արցախի մէջ վերականգնուող, մասնաւորապէս արեւային ուժանիւթի զարգացման մասին, ըսած է ԱՀ պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան:

«Բացի Շուշիի շրջանէն, համանման ծրագիր պիտի իրականացուի նաեւ Ասկերանի շրջանին մէջ, ուր հանրային նշանակութեան շինութիւնները պիտի անցնին վերականգնուող ուժանիւթի սպառումին: Ինչպէս գիտէք, այս ծրագիրները պիտի իրականացուին նախորդ տարուան հեռուստամարաթոնի ժամանակ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հաւաքագրած միջոցներով»,- նշած է Յարութիւնեան:

Պետական նախարարին տեղեկացմամբ` նախատեսուած է նաեւ Ասկերանի շրջանի Իւանեան բնակավայրին մէջ 1 Մեկուաթ հզօրութեամբ արեւային ելեկտրակայանի կառուցում, որ պիտի կառուցուի օտարերկրեայ ներդրումային միջոցներով:

Ա. Յարութիւնեան աւելցուցած է, որ կառավարութիւնը տրամադիր է՝ հանրապետութեան մէջ կայացած եւ բարձր արդիւնաւէտութիւն ունեցող ջրային ուժանիւթի զուգահեռ խթանելու նաեւ արեւային ուժանիւթի հեռանկարային ուղղութեան աստիճանական զարգացումը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին