Ազրպէյճանական եւ թրքական շարք մը կայքահէնային խումբեր վերջին օրերուն սկսած են հայկական կայքեր եւ անձնական հաշիւներ կոտրել:
Անոնց աշխուժութեան պատճառը «սեւ Յունուար»-ն է, եւ ամենամեծ թիւով կայքային յարձակումներուն պէտք է սպասել Յունուար 20-ին: Այս մասին, ըստ «Panorama.am»-ի, ըսած է տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու (ՏՃ) փորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեան:
«Միաժամանակ, չեմ կարծեր, որ որեւէ իւրայատուկ բան կ’ընեն: Մասնաւորապէս էջեր կ’որսան, գումարած կայքեր: Յատուկ թիրախներ չունին, կը կոտրեն ձեռքի տակ ինկածը, որպէսզի Յունուար 20-ին քանակ ցոյց տան: Շատ հնարաւոր է, որ թուրք-ազրպէյճանական կայքահէն խումբերը նախօրօք հայկական կայքեր կոտրեն, սակայն այդ մասին բարձրաձայնեն միայն Յունուար 20-ին»,- ըսած է մասնագէտը:
Սամուէլ Մարտիրոսեանի խօսքով, վերջին երկու շաբաթներուն մեծ թիւ կը կազմեն յատկապէս հասարակական ցանցերու` դիմատետրի եւ ինսթակրամի կիսադէմերը կոտրելու դէպքերը, մինչդեռ պետական մարմիններու կայքերը կոտրելը աւելի դժուար է:
Ըստ փորձագէտին՝ հայկական կայքահէնային խումբերու պատասխան գործողութիւններով հանդէս գալը այնքան ալ անհրաժեշտ չէ։
«Ատոնք երեխայական խաղեր են: Օրինակ՝ ազրպէյճանցի կայքահէնները կոտրած են այսինչ գիւղի հայ երիտասարդի անձնական հաշիւը: Չ’արժեր, որ մենք ալ կոտրենք իրենց այնինչ գիւղի օգտատիրոջ կիսադէմը»,- ըսած է ան:
Փորձագէտը նաեւ յիշեցուցած է, որ անձնական հաշիւները կայքահէնային յարձակումներէ պաշտպանելու համար՝ օգտատէրերը զգօնութիւն ցուցաբերեն` երբեք չսեղմելով անծանօթ յղումները, նոյնիսկ եթէ յղումը ընկեր մը ուղարկած ըլլայ: Ազրպէյճանցի կայքահէնները անոր ալ կրնան կոտրած ըլլալ: