Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Տաւուշի Մէջ Պայմանագրային Զինծառայող Մը Վիրաւորուած է

Տաւուշի մարզին մէջ ազրպէյճանական կողմի կրակոցէն վիրաւորուած զինծառայողի կեանքին վտանգ չի սպառնար: Ըստ «Արմենփրէս»-ի՝ յայտնած է  ՀՀ ՊՆ մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան:

«Վիրաւորուած է զինծառայող Ադիբեկ Միկոյեանը: Ան Տաւուշէն տեղափոխուած է Երեւան: Բարեբախտաբար, կեանքին վտանգ չի սպառնար»,- յայտնած է Արծրուն Յովհաննիսեան:

Ըստ «NEWS.am»-ի՝ վիրաւորուածը պայմանագրային զինծառայող  30-ամեայ Ադիբեկ Միկոյեանն է: Ան տեղափոխուած է ՀՀ ՊՆ կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց,  վիճակը կայուն է:

Արծրուն Յովհաննիսեան ըսած է նաեւ, որ իրավիճակը Տաւուշի մէջ լարուած չէ: «Ամէն օր ալ կը կրակեն, բայց իրավիճակը լարուած չէ»,- ըսած է ՊՆ խօսնակը:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին