Արցախի տարածքին բոլոր մզկիթները կը գտնուին պետութեան պաշտպանութեան ներքոյ: Այս մասին, ըստ «News.am»-ի, նշած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Պապայեան` մեկնաբանելով Պաքուի մեղադրանքները:
Պապայեանի խօսքով, Արցախի տարածքին պահպանուած է երեք մզկիթ` երկուքը Շուշիի մէջ եւ մէկը` Աղդամի: «Արցախի տարածքին ազրպէյճանական ժառանգութեան ո՛չ մէկ ուրիշ «յուշարձան» չէ եղած»,- շեշտած է Դաւիթ Պապայեան` նշելով, որ ասիկա պայմանաւորուած է զարգացած թուրք ցեղի բացակայութեամբ: «Թուրքական ցեղեր բնակած են, սակայն ո՛չ մէկ «գլուխգործոց» ստեղծած են»,- պարզաբանած է Պապայեան: «Եղած երեք մզկիթները վերականգնուած են, անոնք կը գտնուին պետութեան պաշտպանութեան ներքոյ»,- ընդգծած է Արցախի նախագահի մամուլի քարտուղարը:
Միաժամանակ ան յիշեցուցած է հայկական մշակութային ժառանգութեան յուշարձաններուն հանդէպ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու վերաբերմունքին մասին: «Պետութիւն, որ հերոսներու շարքին կը դասէ մարդասպանները, այդ երկրի նախագահը կը սպառնայ խփել հայկական քաղաքացիական օդանաւերը, կ’ոչնչացուին հայկական ժառանգութեան բոլոր յուշարձանները»,- նշած է Դաւիթ Պապայեան: Անդրադառնալով UNESCO-ին` ան յիշեցուցած է Ազրպէյճանի թեկնածուին, ՌԴ-ի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլուին ձախողումը. «Իր՝ գործնականօրէն ո՛չ մէկ ձայն ստանալու իրողութիւնը, կը վկայէ շատ բանի մասին»:
«Մենք թաքցնելու բան չունինք եւ դէմ չենք UNESCO-ի առաքելութեան: Սակայն նման հսկողական առաքելութիւնները պէտք է իրականացուին նաեւ Ազրպէյճանի տարածքին` Ջուղայէն մինչեւ Պաքու: Ազրպէյճանի մէջ հայկական մշակութային վիթխարի ժառանգութիւն կայ, որ երկրի իշխանութիւններուն ջանքերով կ’ոչնչացուի: Եթէ Ազրպէյճան պատրաստ է հսկողութեան առաքելութիւններուն, ուստի մենք եւս պատրաստ ենք: Սակայն, կը կարծեմ, որ Ազրպէյճան ամէն կերպ պիտի խոչընդոտէ իր տարածքին հսկողութեան իրականացման»,- նշած է Դաւիթ Պապայեան: