Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

2018 Թուականին Երեւանի Մէջ Հայ-Ամերիկեան Երկկողմանի Պաշտպանական Խորհրդակցութիւններ Տեղի Պիտի Ունենան

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչըրտ Միլզը:

Հանդիպման ընթացքին ամփոփուած են պաշտպանութեան մարզի հայ-ամերիկեան երկկողմանի համագործակցութեան շրջագիծին մէջ  2017-ի ընթացքին կատարուած աշխատանքները եւ նախանշուած են 2018-ի համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը համառօտ ներկայացուցած է այն ուղղութիւնները, որոնք պիտի ընդգրկուին զինուած ուժերու  արդիականացման 7-ամեայ ծրագիրին մէջ եւ որոնց շուրջ կ’ակնկալուի  զարգացնել համագործակցութիւնը Միացեալ Նահանգներուն հետ:

Դեսպան Ռիչըրտ Միլզ, իր կարգին, ընդգծած է փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող մարզերու մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համագործակցութիւնը շարունակելու Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան պատրաստակամութիւնը: Կողմերը համաձայնութեան եկած են  2018-ին Երեւանի մէջ հայ-ամերիկեան երկկողմանի պաշտպանական խորհրդակցութիւններու կազմակերպման խնդրով, որուն ընթացքին պիտի պայմանաւորուի յետագայ համագործակցութեան ընդհանուր տեսլականը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին