Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպեցաւ Մտաւորականներու Հետ

«Հայաստանի ազգային հերոս» բարձրագոյն կոչման արժանացած Յովհաննէս Չէքիճեանին հայրենիքի շքանշանի յանձնման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք նախագահ Սերժ Սարգսեան իր նստավայրին մէջ թէյի սեղանի շուրջ հանդիպում  ունեցաւ այդ արարողութեան մասնակից խումբ մը մտաւորականներու հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Հետք»-ը։

Նախագահը, նշելով, որ անցեալ տարիներուն պարբերաբար հանդիպումներ ունեցած է մտաւորականութեան ներկայացուցիչներու հետ, անգամ մը եւս ընդգծեց մտաւորականութեան դերն ու առաքելութիւնը եւ առաջարկեց բաց ու անկաշկանդ մթնոլորտի մէջ խօսիլ Հայաստանի եւ անոր ապագային մասին, յատկապէս Սահմանադրութեան փոփոխութիւններէն ետք կառավարման նոր համակարգի պայմաններուն տակ՝ ակնկալելով լսել մտաւորականներու տեսակէտները, առաջարկները, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւններն ու գնահատականները երկիրի իրականութեան վերաբերեալ:

Հանդիպման մասնակիցները կարեւոր նկատեցին նման հանդիպումներն ու քննարկումները, խօսեցան Հայաստանի ապագայի իրենց պատկերացումներուն, հասարակութիւնը մտահոգող հարցերուն, երիտասարդներու կրթութեան, պետութեան քաղաքացի դաստիարակելու գործին մշակոյթի մեծ դերին, հայոց լեզուի անաղարտութեան պահպանման եւ շարք մը այլ հարցերու մասին:

Նախագահը պատասխանեց նաեւ երկրի անվտանգութեան, պաշտպանութեան, արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ մտաւորականները հետաքրքրող հարցումերուն:

Ապագայ նախագահի մասին մտաւորականներու հարցումին պատասխանելով՝ Սարգսեան ներկայացուց իր պատկերացումը՝ նշելով, որ իր կարծիքով՝ ան պէտք է ըլլայ անձ մը, որ անցած ճանապարհ ունի, ունի ճանաչում ե՛ւ երկրի ներս, ե՛ւ դուրս, կրնայ պատշաճ մակարդակով, ըստ արժանւոյն ներկայացնել Հայաստանը արտերկրի մէջ, այսինքն՝ կատարել ներկայացուցչական պաշտօններ թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ երկրէն դուրս: Ապագայ նախագահը, Սերժ Սարգսեանի պատկերացումով, պէտք է տիրապետէ օտար լեզուներ, ունենայ լայն կապեր թէ՛ Սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի մէջ, պէտք է վայելէ հեղինակութիւն եւ որ, իր կարծիքով, ամէնէն կարեւորն է, պէտք է ըլլայ անկողմնակալ, մէկը, որ երբեք քաղաքականութեամբ չէ զբաղած եւ կուսակցութեան անդամ չէ եղած:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին