Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Կաղանդչէք

                                  *ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Երկինքէն՝

Ոչ մէկ խնձոր ինկաւ, բայց պէտք է համբերել: Սովոր ենք ըսել «երկինք, երկիր»: Տեսնենք երկրէն  ի՞նչ լուր այս օրացոյցային, հրապարակային ու ցուցադրական տօներու առթիւ: Ամանոր, Ս. Ծնունդ: Խորքէ հեռացած դարու մէջ: Իսկ ինչե՞ր պատահեցան: Ինչ որ սովորական ընթացիկ օրերու մէջ կը պատահի: Կարգ մը դէպքեր բազմացան, ինչպէս՝ ինքնաշարժի արկածներ, հրավառութեան պատճառած վնասներ եւայլն: Իսկ մնացեալը, բնութեան օրէնքին համեմատ, շարունակուեցան, թէեւ հասկնալի է, սակայն գրգռութիւնն ալ վնաս մը չէ: Հիւանդութեան պարագայ, ինչպէս նաեւ «վերջին ճամբորդութեան» պարագաներ: Ամբողջական պատկերը ցոյց տալու միտումով մատիտը շարժեցաւ, թէեւ համօրէն, բայց եւ այնպէս:

Այս տօնական օրերու եռուզեռը փոխադարձ այցելութիւններու, նուիրատուութիւններու առիթ է: Ազգականներու, դրացիներու համերաշխութեան երաշխիք: Իսկ զանգուած մըն ալ կայ, որ բանուոր դասակարգի կամ պաշտօնեաներու դասին կը դասուի, որ գործատիրոջմէ կ’ակնկալէ ինչ որ աւանդութիւն է դարձած եւ, նայած անձին, կ’ունենայ իր բաժինը. բաժին մը, որ արդէն գործատէրը տարւոյն սկիզբէն իսկ նկատի առած կ’ըլլայ: Պէտք է հաշիւը գիտնայ, այլապէս շահէն կը վնասէ ու ընկերութիւնը կը սնանկանայ եւ պաշտօնեաներ կրնան սովամահ ըլլալ: Ո՞վ գիտէ անտէրին պարագան, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ: Ամէն ոք իր տեղն ու հաշիւը ունի, շուկայական քերականութիւնը, ուր միշտ ալ կեանքի բնական օրէնքով ուժեղը աւելի կը զօրանայ: Մի քանի տարի առաջ ջուրի տագնապ ունեցանք: Ժողովուրդը ստիպուած ջուր գնեց: Տարեկան ջուրի վարձքն ալ կոկիկ յաւելում մը կրեց, փոխանակ, նուազագոյն պարագային, նոյնը մնալու: Այս ալ այսպէս: Ինչ եւ է: Ետ դարձ մը ընենք:

Նուէրները կամ պահուած կ’ըլլան պահարանի, կամ ալ գրաւիչ տուփերու մէջ: Ճաշակ ցոլացնող, սիրտ բացող, պայմանաւ որ բացուելէն ետք Ուրաշիմայի տուփը չյիշենք: Մինչեւ հոս իրողական գետնի վրայ արդիւնքը անշուշտ պիտի ըլլայ նման անցեալին ու գալիքին համար ոչ մէկ երաշխիք:

Յիսուս վերջին դատավարութեան աւարտին ըսաւ.- «Այս է այս աշխարհի արդարութիւնը»: Բայց մարդ միայն նիւթ չէ: Հետեւաբար, հարցը ունի իր բարոյահոգեբանական կողմը: Աւանդութեան շարունակութիւնը, ընդհանուր եռուզեռի հաճոյքը, արձակուրդային ուրախութիւնը, խօսքերու շպարը, տօնական մթնոլորտը յիշատակելի կ’ըլլան առիթներով:

Երկինքէն խնձոր չինկաւ, սակայն ընդունինք երկրային «խնձոր»-ը:

Եւ սպասենք գալիք տարուան՝ պայմանական ՅՈՅՍՈՎ, այլապէս կրնանք աւելի վատ զգալ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին