Ուրբաթ, 11. 10. 2024

spot_img

Արձագանգներ Առօրեայէն Հակառակ Ամէն Տարաձայնութիւններուն` Ընտրութիւնները Պիտի Կայանան Յառաջիկայ Մայիս 6-ին

Ճեպազրոյց Մը Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Պատասխանատուներէն՝

Տոքթ. Ռիչըրտ Գույումճեանին Հետ

Լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ վերջերս գոյութիւն ունեցող կարգ մը հրատապ հարցերու շուրջ կարճ զրոյց մը ունեցանք Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան պատասխանատուներէն՝ Տոքթ. Ռիչըրտ Գույումճեանին հետ:

Մեր յարգելի զրուցակիցին կարծիքը հարցուցինք, թէ արդեօք վերջերս ընտրական նոր օրէնքին մէջ կարգ մը փոփոխութիւններ մտցնելու շուրջ կառավարական ընտրական յանձնախումբին մէջ փոխանակուած միտքերն ու կայացած քննարկումները ուղղակիօրէն կը միտի՞ն ընտրութիւններու յետաձգումին: Տոքթ Գույումճեան վճռակամութեամբ պատասխանեց, որ այժմ շատ ուշ է որեւէ ուղղումներ կամ փոփոխութիւններ կատարելու ընտրական նոր օրէնքին մէջ՝ շեշտելով, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Մայիս 6-ին, ըստ պայմանաւորուածութեան, առանց յետաձգման կամ փոփոխութեան:

Տոքթ. Գույումճեան աւելցուց, որ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի արդէն իսկ յայտարարած է, թէ որեւէ խորհրդարանական նիստի հրաւէր պիտի չուղղէ ընտրութիւններու խնդրով փոփոխութիւններ կատարելու օրակարգով:

Ինչ կը վերաբերի այն պատճառաբանութիւններուն, որոնք ընտրական օրէնքի մանրամասնութիւնները վերարծարծելու ծառայեցին ընտրական յանձնախումբին մէջ, մեր զրուցակիցը համոզում յայտնեց, որ «Մէկա» կեդրոններու, նախապէս արձանագրութիւններու կամ արտերկիր ապրող քաղաքացիներու ընտրութիւններուն մասնակցելու համար գրանցուելու հարցով նիւթերը կրնան միշտ արծարծուիլ եւ լաւագոյն դրութեան մը հասնիլ, սակայն այդ մէկը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ընտրութիւններու կայացումէն ետք միայն:

Տոքթ. Գույումճեան իր համոզումը հիմնեց խորհրդարանի նախագահին այն խօսքին, թէ «ինչ որ գրուած է, գրուած է»: Ըստ մեր զրուցակիցին՝ հակառակ անոր որ բազմաթիւ կուսակցութիւններ, յատկապէս Մութաքպալ եւ Ազգային ազատ Հոսանք կը ցանկան փոփոխութիւններ տեսնել ընտրական նոր օրէնքին մէջ, Հըզպալլայի՝ այս խնդրով Պըրրիին զօրակցելու եւ անոր հետ համաձայնելու պարագան օրէնքի փոփոխութեան կարելիութիւնները բոլորովին առկախեց:

Անցնելով առնչուած ուրիշ նիւթի մը՝ մեր զրուցակիցին հարց տուինք, թէ սպաներու կոչումներու հարցով ստեղծուած Աուն-Պըրրի տագնապը կրնա՛յ իր ժխտական ազդեցութիւնը ունենալ Ազգային Ազատ Հոսանք եւ շիա համայնքի բաղկացուցիչ տարրերու միջեւ ընտրական դաշինքներ կնքելուն վրայ: Տոքթ. Գույումճեան պատասխանեց, որ խորքին մէջ մէջ Աուն-Պըրրի դաշինք մը ամէն պարագայի գոյութիւն չունի: Ընդհակառակը՝ այս վերջին զարգացումէն շատ աւելի առաջ ընտրական գետնի վրայ գոյութիւն ունէին հակամարտութիւններ երկու կողմերուն միջեւ, մասնաւորաբար Ժըզզինի մէջ: Երկուստեք ունին հին հաշուետուութիւններ, զորս պէտք է լուծուին, ի մասնաւորի Պըրրի, որ իր երկարամեայ դաշնակից Ազար ընտանիքի համար խորհրդարանին մէջ մէկ Մարոնիթ  աթոռ կ’ուզէ: Մեր զրուցակիցը աւելցուց, որ երկուքին միջեւ բաժանմունքները հին են, որոնք կրնան չլուծուիլ, նոյնիսկ եթէ  Աունի հրամանատարութեան տակ ծառայած սպաներու կոչումներու շնորհման ճգնաժամը վերջ գտնէ:

Տոքթ. Գույումճեան աւելցուց. «Հըզպալլա Աունի հետ դաշնակից պիտի ըլլայ Պաապտայի, Ժըպէյլի եւ Պաալպաք-Հըրմէլի մէջ: Այս հարցը լուծելու նպատակով, Հըզպալլա պիտի գրաւէ Շիի աթոռներ, ուր որ կան Աունի համակիր քրիստոնեայ քուէարկողներ, Ամալի եւ Ազգային Ազատ Հոսանքի  միջեւ հաւանական դիմակայութեան տեղի չտալու համար: Օրինակ՝ Հըզպալլա Զահլէի, Ժըպէյլի եւ Պաալպաքի մէջ պիտի առնէ Շիի աթոռներու թեկնածութիւնը փոխան Ամալի: Այնուամենայնիւ Ժըզզին տարբեր պարագայ է»,- եզրափակեց Գույումճեան:     

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին