Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Մասնակցի Երուսաղէմի Մասին Ազհարի Կազմակերպած Միջազգային Համագումարին

 

Երեքշաբթի, Յունուար 16-ի գիշեր Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Գահիրէ՝ մասնակցելու Երուսաղէմի հարցին շուրջ Ազհարի կազմակերպած միջազգային համագումարին։ Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանան Թեհրանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան։

Համագումարը տեղի կ’ունենայ նախագահութեամբ Եգիպտոսի եւ Պաղեստինի նախագահներուն ու մասնակցութեամբ կրօնական, պետական ու քաղաքական բարձրաստիճան պատասխանատուներու։

Համագումարի առաջին նիստին խօսք պիտի առնէ Վեհափառ Հայրապետը։

Ազհարը Սիւննի իսլամ համայնքի միջազգային կեդրոնը կը նկատուի եւ կրօնական ու բարոյական մեծ վարկ կը վայելէ իսլամական աշխարհէն ներս

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին