Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Լոյս Տեսած Է Ցեղասպանագէտ Մարի Յովհաննիսեանի «Ուրացման Քաղաքականութեան Արմատները, Նորօրեայ Դրսեւորումները Եւ Անոնց Հետեւանքները» Գիրքը

Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան դրամաշնորհով եւ բարձր հովանաւորութեամբ հրատարակուած է ցեղասպանագէտ Մարի Յովհաննիսեանի «Ուրացման քաղաքականութեան արմատները, նորօրեայ դրսեւորումները եւ անոնց հետեւանքները» գիրքը: Ուսումնասիրութիւնը կատարուած է Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն գիտահետազօտական հիմնադրամին մէջ: Այդ մասին կը հաղորդէ կեդրոնի «Ակունք» պաշտօնական կայքէջը:

Աղբիւրին համաձայն՝ աշխատութեան մէջ ներկայացուած են Հայոց ցեղասպանութեան թրքական ժխտողականութեան քաղաքականութեան ակունքները, անոնց դրսեւորումները Ցեղասպանութեան ընթացքին, 1965 թուականէն ետք եւ մեր օրերուն: Ըստ հեղինակին՝ ժխտման հիմնական թեզերը, որոնք սկիզբ առած են 1894-96 թուականներու կոտորածներու շրջանին, հիմնականին մէջ նոյնը մնացած են յետագայ տասնամեակներու ընթացքին, սակայն փոխուած են անոնց ներկայացման մեթոտներն ու գործընթացները:

Գիրքին մէջ Մ. Յովհաննիսեանի կողմէ առաջ կը քաշուի ցեղասպանագիտութեան մէջ նոր թեզ, ըստ որուն` Ցեղասպանութեան ժխտումը կը սկսի շատ աւելի վաղ, քան բուն յանցագործութիւնը:

Ուսումնասիրութեան երեք գլուխներուն մէջ ամփոփուած են ժխտողականութեան տեսութեան վերաբերող դրոյթներ, Հայոց ցեղասպանութեան թրքական ժխտողական քաղաքականութեան փուլերը, անոնց զարգացումները եւ հետեւանքները:

Մենագրութիւնը հիմնուած է հեղինակին կողմէ առաջին անգամ գիտական շրջանառութեան մէջ դրուող արխիւային փաստաթուղթերու, ժամանակի մամուլի, հասարակական-քաղաքական գործիչներու յուշերու եւ մասնագիտական գրականութեան վրայ:

«Էտիթ փրինթ» հրատարակչութեան մէջ տպագրուած 168 էջանոց սոյն աշխատութեան խմբագիրն է Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն, հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Հայկազուն Ալվրցեանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին