Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Արցախեան Շարժման 30-Ամեակին Նուիրուած Գիտաժողովին Պիտի Մասնակցին Միջազգային Հեղինակաւոր Մասնագէտներ

Երեւանի մէջ Փետրուար 23-ին տեղի պիտի ունենայ մեծ միջազգային գիտաժողով` նուիրուած Արցախեան շարժման 30-ամեակին:

Գիտաժողովին տարբեր երկիրներէ, գիտական հիմնարկներէ բազմաթիւ հեղինակաւոր մասնագէտներ պիտի մասնակցին: Մասնակցութեան իրենց համաձայնութիւնը տուած են Մետիա ոլորտի ճանչցուած դէմքեր: Այս մասին նշած է Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան:

«Մենք կը շեշտադրենք, որ Արցախեան շարժումը միայն ինքնորոշման իրաւունքի համար ծաւալուած շարժում չէր, ան ազգային ազատագրական պայքար էր, որ տրամաբանօրէն յանգեցուց Հայաստանի անկախացման: Ամենակարեւորը՝ պիտի ցանկայինք լսել մեր միջազգային գործընկերներու, արտասահմանեան մասնագէտներու խօսքը Արցախեան շարժման վերաբերեալ»,- ըսած է Մելքոնեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին