ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ կը գրէ. «Ալբերթ Դալլաքեանը մեր նորօրեայ հերոսներէն մէկն է: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը միշտ գտնուած է եւ պիտի շարունակէ գտնուիլ իր եւ մեր բոլոր մնացած հերոս տղաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն կողքին: Ալբերթին անհրաժեշտ է շատ դժուար վիրահատութիւն մը: Օրէնքով մենք չենք կրնար փոխհատուցել արտերկրի մէջ այդ վիրահատութեան կատարումը, քանի որ այդ վիրահատութիւնը հնարաւոր է կազմակերպել նաեւ Հայաստանի մէջ: Բայց արտերկրի հիւանդանոցներուն մէջ, որոնք ունին անհամեմատ աւելի մեծ փորձ եւ հմտութիւններ այս հարցով, Ալբերթի արագ ապաքինման հաւանականութիւնը անհամեմատ մեծ է:
«Ես խորհուրդ տուած եմ անոր ընտանիքին՝ փորձել նման դրամահաւաքի միջոցով հաւաքել անհրաժեշտ գումարը: Ես անձամբ եւ իմ քանի մը ընկերներս կը տրամադրենք պահանջուող գումարին ($45,000) 10 տոկոսը: Կոչ կ’ընեմ բոլորիդ, միանանք այս դրամահաւաքին եւ օր առաջ օգնենք Ալբերթի ընտանիքին հաւաքելու անհրաժեշտ գումարը: Նոյնիսկ պարզապէս այս կոչիս տարածումը ձեր կողմէ եւս կրնայ օգնել: Աստուած պահապան Ալբերթին, մեր բոլոր հերոսներուն, բանակին եւ ժողովուրդին»: