Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Պոլսոյ Մէջ Հայ Լուսանկարիչին Անունով Փողոց Վերանուանուած է

Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասի Թոսպողայ փողոցը արդէն պաշտօնապէս Արա Կիւլերի անունով կը կոչուի:

Պոլսահայ յայտնի լուսանկարիչ Արա Կիւլեր իր անունով վերանուանուած փողոցին մէջ լուսանկարած է «Արա Կիւլերի փողոց» անունը կրող ցուցանակը եւ տեղադրած է Twitter–ի իր էջին վրայ: «Պէյօղլուի Թոմթոմ թաղամասի Թոսպողայ փողոցի անունը փոխուած է որպէս Արա Կիւլերի փողոց»,– գրած է Արա Կիւլեր իր էջին վրայ:

Նշենք, որ «Դարու լաւագոյն լուսանկարիչ» ճանչցուած Արա Կիւլեր, զոր նաեւ կ’անուանեն «Սթամպուլի աչք», ծնած է 1928-ին Պոլսոյ մէջ: 1950-ին սկսած է լրագրողական գործունէութեան «Yeni İstanbul» պարբերականին մէջ: Ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ եւ տիտղոսներ թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ աշխարհի ամենայայտնի կազմակերպութիւններու կողմէ:

Ան լուսանկարներու միջոցով ներկայացուցած է համաշխարհային պատմութեան յայտնի դէմքեր, որոնց շարքին` Ուինսթըն Չըրչիլ, Առնոլտ Թոյնպի, Պերթրանտ Ռասըլ, Փիքասօ, Սալվատոր Տալի եւ այլք:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին