Հայաստանի խորհրդարանը առանձին ապրանքներու գիներու բարձրացման եւ գնաճը մեղմելու հնարաւորութիւններու վերաբերեալ խորհրդարանական լսումներ պիտի իրականացնէ: Այս մասին երէկ Ազգային ժողովի նիստի մեկնարկին, ըստ «Armenpress.am»-ի, յայտնած է ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Բաբլոյեան:
«Հաշուի առնելով հասարակական եւ քաղաքական շրջանակներու մէջ առանձին ապրանքներու գնաճի հետ կապուած մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ այս հարցին առնչութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի առաջարկները՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի նախաձեռնութեամբ Յունուար 23-ին ժամը 11:00-ին նիստերու դահլիճին մէջ տեղի կ’ունենայ առանձին ապրանքներու գիներու բարձրացման պատճառները եւ գնաճը մեղմելու հնարաւորութիւնները թեմայով խորհրդարանական լսումներ»,- նշած է Բաբլոյեան:
ՀՀ ԱԺ նախագահը տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովին խնդրած է իրաւասու միւս յանձնաժողովներուն հետ կազմակերպել խորհրդարանական լսումներու իրականացումը` ապահովելով իրաւասու եւ պետական շահագրգիռ մարմիններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու մասնակցութիւնը լսումներուն:
Յունուար 12-ին Ազգային ժողովի խորհուրդի անդամներուն հետ կայացած խորհրդակցութեան ընթացքին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան առաջարկած է որոշ ապրանքատեսակներու գիներու բարձրացման եւ գնաճը մեղմելու հնարաւորութիւններու վերաբերեալ խորհրդարանական լսումներ կազմակերպել: