Այս տարի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցներով Մարտունիի, Ասկերանի եւ Հատրութի շրջաններուն մէջ մօտ 870 հեքթար հողատարածքներու ոռոգման համար շուտով պիտի սկսի 37 խորքային հորերու կառուցման ծրագիրը:
Այս մասին, ըստ «Արցախփրէս»-ի, ըսած է Արցախի գիւղատնտեսութեան նորանշանակ փոխնախարար Տիգրան Ծատրեան եւ աւելցուցած, որ ներկայիս Հիմնադրամին կողմէ կ’իրականացուի նախագիծերու պատրաստում, որուն պիտի յաջորդեն շինարարական աշխատանքները:
«Ծրագիրը հիմնականօրէն պիտի իրականացուի նախապէս հողերու սեփականաշնորհման ժամանակ բնակիչներու կողմէ ձեռքբերուած այգիներու մէջ, որոնցմէ պիտի օգտուին շուրջ 850 հողագործներ: Իսկ ինչո՛ւ Մարտունիի, Ասկերանի եւ Հատրութի շրջանները ընտրուած են՝ ըսեմ, որ ատիկա պատահական չէ եղած, քանի որ նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւններու համաձայն՝ այդ շրջաններու մէջ վերգետնեայ ջրային աղբիւրները քիչ են»,- ըսած է փոխնախարարը:
ԱՀ ԳՆ փոխնախարարին խօսքով, բացի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ յատկացուած միջոցներէն, 2018 թուականի պետական պիւտճէով գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը եւս նախատեսած է գումարներ նոր ոռոգման համակարգերու եւ խորքային հորերու կառուցման, ինչպէս նաեւ ջրանցքներու եւ ջրամբարներու սպասարկման համար, որուն արդիւնքով պիտի աւելնան ոռոգովի տարածքները:
«Ընթացիկ տարուան մէջ պետական պիւտճէով արտեզեան ջրհորներու կառուցման եւ վերանորոգման համար կը նախատեսուի 300 միլիոն ՀՀ դրամ, ջրախնայողական արհեստագիտութեան համար 335 միլիոն, իսկ ջրամբարներու, ջրանցքներու եւ ջրատարներու կառուցման ու վերանորոգման համար` 200 միլիոն դրամ: Այս ծիրէն ներս նախարարութեան կողմէ այժմ կը մշակուի մէկ այլ ծրագիր, ըստ որուն՝ 1 հա-էն աւելի հողատարածքներ ունեցող հողագործները ջուրի առկայութեան պայմաններուն մէջ պիտի կարենան օգտուիլ կաթիլային ոռոգման համակարգի տեղադրման պետական աջակցութենէն»,- ըսած է Տ. Ծատրեան:
Անոր խօսքով, սակայն, այստեղ կան որոշ խնդիրներ, քանի որ հաշուի առնելով այն, որ ներկայիս ոռոգման կաթիլային համակարգը կը տեղադրուի հողագործներու կողմէ, յաճախ ժամանակի կամ ոչ ճիշդ տեղադրման թեքնիկական խնդիրներ կ’առաջանան: Այդ նպատակով, յետագային կը նախատեսուի գործընթացը իրականացնել կեդրոնացուած ձեւով: Մասնաւորապէս հողագործի կողմէ յայտի ներկայացման պարագային գիւղնախարարութիւնը մասնագիտացուած կազմակերպութեան հետ պիտի կնքէ պայմանագիր, եւ կաթիլային համակարգը պիտի տեղադրուի ամենակարճ ժամանակի մէջ` ապահովելով նաեւ երաշխիքային սպասարկում: