Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

NDU Համալսարանի Նախագահը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մօտ

11 Յունուար 2018-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց NDU համալսարանի նախագահ Դոկտ. Հայր Փիէռ Նաժըմը ընկերակցութեամբ նոյն համալսարանի արտաքին յարաբերութեանց պատասախանատու Մաժըտ Պու Հատիրի։  Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին պարզել համալսարանի յառաջիկայ ծրագիրները եւ իմանալ Նորին Սրբութեան տեսակէտները որպէս համալսարանական աշխարհին ընդհանրապէս քաջատեղեակ անձ։

Հայրապետը ողջունեց նոր բաժանմունքներու յաւելումով, ուսանողական եւ ուսուցչական կազմի մակարդակի բարձրացումով, ինչպէս նաեւ աշակերտութեան թիւի յաւելումով հետզհետէ զարգացող համալսարանը եւ շեշտեց նոր սերունդներուն կազմաւորման կարեւորութիւնը, որպէսզի կարենան իրենց մասնագիտութեամբ նոր կենսունակութիւն բերել իրենց պատկանած համայնքին եւ ընկերութեան։  Այս առիթով, համալսարանի նախագահը հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը, որպէսզի յարմար առիթով դասախօսութիւն մը տայ համալսարանէն ներս ընդհանրապէս համալսարանական կեանքին եւ ներկայ ժամանակներուն հետ աղերս ունեցող նիւթի մը շուրջ։

Յայտնենք, որ NDU համալսարանը Լիբանանի առաջնակարգ համալսարաններէն մէկն է։

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին