Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Ջերմուկի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ «Ձնեմարդուկ-2018» Փառատօնը

ԼԻԼԻԹ ԴԵՄՈՒՐԵԱՆ

 

«Ձնեմարդուկ-2018. ձիւնէ արուեստի փառատօն»-ը այս տարի նորութիւններով  հանդէս կու գայ: Ծրագիրը պիտի ընդգրկէ սառցամագլցում, հեծանիւային մարզային գաւաթի մրցոյթ եւ դահուկավազք: Ըստ «Արմենփրէս»-ի՝  այս մասին յայտնած է «Ջերմուկի զարգացման կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Վազգէն Գալստեան:

«Ձնեմարդուկ -2018. ձիւնէ արուեստի փառատօն»-ը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 17-18-ին: Սառցամագլցումը Հայաստանի մէջ պիտի կազմակերպուի առաջին անգամ ըլլալով, սակայն այս տարի եղանակային պայմանները քիչ մը կը խանգարեն: Ջերմուկի մէջ երբեք այսքան տաք ձմեռ չէ եղած, բայց եթէ քանի մը օր անընդմէջ սառնամանիքներ ըլլան` անպայման կ’իրականացնենք»,- նշած է Վազգէն Գալստեան: Անոր խօսքով` քանդակներ պատրաստելուն հիմնականօրէն կը մասնակցին Ջերմուկ քաղաքի երեխաները, բայց կը հրաւիրուին նաեւ Երեւանի Փանոս Թերլեմեզեանի անուան պետական գոլէճի լաւագոյն ուսանողները: Անոնք Ջերմուկի մէջ 2-3 մեթր բարձրութեամբ մեծ արձաններ կը քանդակեն:

Մրցանակային ֆոնտը այժմ կը նախատեսուի միայն տեղացի երեխաներուն համար։ Մրցանակն է ժայռամագլցման անվճար դասընթացքներու մասնակցութիւն, որ տեղի պիտի ունենայ Մարտին: «Գոլէճի երեխաները պիտի ստանան խրախուսական պարգեւներ, անոնց մրցակցութեան մէջ չենք դներ»,- ըսած է «Ջերմուկի զարգացման կեդրոն»-ի նախագահը:

«Փառատօնի հիմնական նպատակներէն է ծայրայեղ (extreme) մարզաձեւերը զարգացնել: «Ձնեմարդուկ» փառատօնի ժամանակ Հայաստանի մէջ առաջին անգամ կազմակերպուեցան հեծանիւային մարզային ձմեռնային գաւաթի մրցոյթը, որ կ’իրականացուի արդէն 4 տարիէ, տարուան ընթացքին մէկ անգամ: Մեր քաղաքին մէջ գտնուող ճոպանուղիի մօտէն պիտի կազմակերպենք մարդոց հեծանիւով իջնելը: Կրնան մասնակցիլ անոնք, որոնք ունին համապատասխան փորձ եւ հմտութիւն: Բոլորը չէ, որ կրնան բարձրանալ վերեւ եւ հեծանիւով իջնել»,- ներկայացուց Գալստեան:

Փետրուար 17-ի երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ կրակներով պար եւ ժամը 20:00-էն 22:00 բացօթեայ ձեռնարկ, որ կը կոչուի «Ձմեռնային ցուրտ երեկոյթ»:

Փառատօնի ընթացքին` Փետրուար 18-ին, Ջերմուկի մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ խաղ յատուկ ձգուած ժապաւէնի վրայ քալելու հմտութիւն ունեցողներու համար, որոնք 2-3 հոգիով պիտի ցուցադրեն իրենց հմտութիւնները: Ժապաւէնը կը կապուի 50 մ բարձրութեամբ եւ ցանկացողները կրնան մօտենալ եւ փորձել իրենց ուժերը:

Փառատօնը կը ֆինանսաւորուի Ջերմուկի համայնքապետարանի կողմէ, իսկ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերեն զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէն, Սմիթսոնեան հիմնարկը խորհրդատուութիւն պիտի տրամադրէ կազմակերպչական, ինչպէս նաեւ տեսաձայնային նկարահանումներու ու մոնտաժային աշխատանքներու իրականացման Կազմակերպիչներն են «Ջերմուկի զարգացման կեդրոն»-ը, «Ջերմուկի երիտասարդական կեդրոն» ՀԵԱԿ-ը եւ Ջերմուկի համայնքապետարանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին