Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Պէյրութի Նահանգապետը

12 Յունուար 2018-ի առաւօտուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Պէյրութի նահանգաապետ Զիատ Շպիպը, ընկերակցութեամբ Պէյրութի քաղաքապետութեան յանձնախումբի անդամ Արամ Մալեանի։

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ, որ նահանգապետը լայն տեղեկութիւններ փոխանցէ Վեհափառ Հայրապետին Պէյրութի առաւել զարգացման առնչուած յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։ Նորին Սրբութիւնը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց ի լուր Պէյրութի առաւել կազմակերպումին ու ծաղկումին նպաստող ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն։

Հանդիպման աւարտին նահանգապետը շրջեցաւ Կաթողիկոսարանի զանազան բաժանմունքները եւ մօտէն ծանօթացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան։

Յայտնենք, որ Պէյրութի քաղաքապետութեան յանձնաժողովին մէջ Լիբանանի հայութիւնը կը ներկայացնեն երեք ազգայիններ։

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին