Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Նախագահը Հանդիպում Ունեցած է Ազգային Ժողովի Ղեկավար Կազմին Հետ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցած է Ազգային ժողովի ղեկավար կազմին հետ: Հանդիպման սկիզբը Հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ թէեւ պարբերաբար հանդիպում  կ’ունենայ Ազգային Ժողովի նախագահին ու այլ պատգամաւորներու հետ, սակայն նման ձեւաչափով հանդիպումը աննախադէպ է եւ նպատակ ունի առաւելապէս կեդրոնանալու Սահմանադրութեան փոփոխութիւններէն ետք կառավարման նոր համակարգի պայմաններուն մէջ իրականացուելիք մեծ ծաւալի աշխատանքի, բոլորը յուզող արդիական շարք մը հարցերու վրայ` նկատի առնելով, որ ԱԺ գործունէութեան իր տեսլականի մասին հանգամանօրէն խօսած է դեռ անցեալ տարուան Մայիս 18-ի իր ծաւալուն ելոյթին մէջ եւ այդ ուղերձի դրոյթներուն կրկին պիտի չանդրադառնայ:

Հանրապետութեան նախագահին խօսքէն ետք Արա Բաբլոյեան ներկայացուցած է Սահմանադրութեամբ Ազգային ժողովին վերապահուած լիազօրութիւններու լիարժէք եւ արդիւնաւէտ իրականացման, Ազգային ժողովի բնականոն գործունէութեան ապահովման ու արդիւնաւէտութեան բարձրացման նպատակով ԱԺ 6-րդ գումարման գործունէութեան ընթացքին իրականացուած աշխատանքները, հանրութեան հետաքրքրող կարեւորագոյն եւ արդիական հարցերու շուրջ խորհրդարանին մէջ կայացած լսումները, մշտական յանձնաժողովներու եւ խմբակցութիւններու գործունէութեան յիշեալ ժամանակահատուածի արդիւնքները, որոնց մէջ` խորհրդարանական դիւանագիտութեան աշխուժացման ուղղութեամբ:

Խորհրդարանի նախագահը, անոր տեղակալները եւ հանդիպման ներկայ միւս պատգամաւորները` Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Ծառուկեան խմբակցութիւններու ղեկավարներն ու մշտական յանձնաժողովներու նախագահները քննարկման ժամանակ իրենց տեսակէտներն ու առաջարկները ներկայացուցած են նախագահին կողմէ կարեւոր համարուած խնդիրներու եւ յառաջիկայ ընելիքներու, խորհրդարանական կառավարման համակարգի պայմաններուն մէջ Ազգային Ժողովի աշխատանքի առաջնահերթ ուղղութիւններու, ինչպէս նաեւ առկայ խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու վերաբերեալ:

Խորհրդարանականները համակարծիք եղած են, որ պետութեան համար կարեւորագոյն հարցերով Ազգային Ժողովին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերը միշտ ցուցաբերած են միասնականութիւն եւ համախմբած են ուժերը ինչպէս միջազգային խորհրդարանական կառոյցներու աշխատանքի ժամանակ, այնպէս ալ երկրի պաշտպանութեան, անվտանգութեան վերաբերող հարցերով: Առաջնահերթ լուծում պահանջող խնդիրներու շարքին անոնք ընդգծած են ԱԺ աշխատակազմի, յատկապէս վերլուծական, փորձագիտական կարողութիւններու հզօրացման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկման անհրաժեշտութիւնը, տարբեր երկիրներու հետ բարեկամութեան խումբերու աշխատանքի որակի բարելաւումը:

Նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ խօսած է ԱԺ 6-րդ գումարման ընթացքին խորհրդարանի կողմէ իրականացուած աշխատանքի մասին` միաժամանակ ընդգծելով, որ պէտք չէ բաւարարուիլ կատարուածով, այլ անհրաժեշտ է պահպանել աշխատանքի ընթացքը, որպէսզի առկայ բոլոր խնդիրներուն ճիշդ ժամանակին անհրաժեշտ օրէնսդրական լուծումներ տրուին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին