*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
Յաճախ մտածած եմ, թէ ի՛նչն է, որ Կաղանդին՝ իբրեւ հինին վախճանման հետ Նոր Տարին, աշխարհի ժողովուրդներ տակաւին կը պահեն, թէկուզ տարբեր օրեր: Եթէ իբրեւ ժամանակագրութիւն՝ ուրեմն ինչո՞ւ խրաճանքը: Կիլկամիշի Հերոսամարտը գիրքին (Epic of Gilgamesh – մեզի ծանօթ մարդկային պատմութենէն մեզի հասած ամենահին գրական գործը – խմբ.) մէջ կը կարդանք.- «քաղաքի բնակիչներուն համար ես ցուլեր կտրեցի, ոչխարներ կը մորթէի ամէն օր, մրգահիւթեր, իւղ ու օշարակ, գինի ե՛ւ կարմիր, ե՛ւ սպիտակ, ամբոխին խմցուցի, ինչպէս գետի ջուր, եւ անոնք զուարճացան, ինչպէս ամանորին»: Ի հարկէ, սկիզբ մը ունի, իր հետ նաեւ պատճառն ու բացատրութիւնը, սակայն հիմա այս նորագոյն դարերուն ի՞նչպէս բացատրել անոր գոյատեւումը: Ճի՞շդ է զայն բեռցնել առեւտրական միտումներու, որ նոր դարու հիմնական ախտերէն մին է, ինչպէս «ամէն ճամբայ Հռոմ կը տանի», այդպէս ալ ամէն առիթ՝ վաճառաշահութեան: Այս պարագային կ’ընկերակցի նուիրատուութիւնը, մերթ այն աստիճան, որ առիթին խորքը կը խեղդուի ու արտաքին տեսքը կը փայլի՝ ուշադրութիւն գրաւելով. այս պարագային, զարկ տալու տարին անգամ մը միացնելով մաղթանքներու տարափին, որոնք թիթեռնիկի նման անուշ կը թեւածեն ու կարճ ժամանակ մը ետք կը չքանան:
Մաղթանքները, ի հարկէ, հոգեկան մթնոլորտի վրայ կ’աւելցնեն բարոյական երանգ, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ պղպջա: Զանց չենք առներ անոր քաղցրութիւնը, սակայն երբ կիրարկելի չէ, ալ ի՜նչ գործնական օգուտ: Հայրս առիթներով կ’ըսէր.- «Պէտք է խօսքի վրայ տուրք սահմանել»: Մաղթանքներու օգուտը կ’ըլլայ, երբ ծանօթէ կ’ուղղուի ծանօթի՝ քաջատեղեալ ըլլալով անոր պէտքերուն, մինչ այդ ընդհանրական լոզունգը յայտնի է. «Առողջութիւն, երջանկութիւն, յաջողութիւն…»:
Բայց այն մաղթանքը, զոր կարդացի Նազարէթ Պինալդիէն (տես՝ «Զարթօնք»ի Ուրբաթ 12 Յունուար 2018-ի թիւը, էջ 3), կը վերաբերէր հայրենիքի ամէն ոլորտներուն: «Ի վերուստ տրուած արարման շնորհը հայերը չկորսնցնեն, այն շատ խելացիօրէն օգտագործեն»: (Թուրքիոյ Հայ Ճարտարապետներու եւ Ճարտարագէտներու Միութեան Նախագահ):
Իսկ իմ մաղթանքս…
Թող «Օրը գայ վերջապէս»… (Վ. Թէքէեան), որպէսզի ա՛լ ՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐՈՒ կարիքը չմնայ: