Հայ-հնդկական դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի դեսպանութիւնը կը կազմակերպէ «Հնդկական ֆիլմերու փառատօն»:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի դեսպանութենէն, հնդկական երեք ֆիլմ պիտի ցուցադրուի Յունուար 19, 20 եւ 21-ին «Մոսկուա» կինոթատրոնի Կապոյտ դահլիճին մէջ (Աբովեան 18), ժամը18:00-ին:
Մուտքը ազատ է: