*ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
Ամանորեայ եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, կազմակերպութեամբ հայ համայնքի Միջբարեսիրական Հաստատութիւններու ժողովին եւ հովանաւորութեամբ հայ երեք համայնքապետերուն, Հինգշաբթի 11 Յունուար 2018-ին առաւօտեան ժամը 10:30-ին Պուրճ Համուտի Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան Եռագոյն» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ մամիկներուն եւ պապիկներուն համար պատրաստուած յատուկ խրախճանք մը։ Միջոցառման ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեան, հայ Կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան ատենապետ ու Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» եւ հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան:
Օրուան հաղորդավարուհի Մարալ Հարպոյեան իր բացման խօսքին մէջ կարեւորեց հայ մամիկներուն եւ պապիկներուն ունեցած երբեմնի դժուարին կեանքը, որոնք ժրաջան աշխատանքով եւ ամենայն նուիրուածութեամբ փորձած են լաւագոյնս տալ իրենց զաւակներուն` նշելով, որ այժմ մեր` երիտասարդներուս, պարտաւորութիւնն է զանոնք հոգալ։
Այնուհետեւ Գերաշնորհ Տ. Շահէ եպս. Փանոսեան կատարեց տէրունական աղօթքը, որմէ ետք խօսք առաւ հայ Կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, որ առողջութիւն եւ երկարակեցութիւն մաղթեց բոլոր մամիկներուն եւ պապիկներուն` վեր հանելով անոնց տարիներու քրտնաթոր աշխատանքը, որոնք, հակառակ կեանքի բոլոր վերիվայրումներուն, կարողացած են հայեցի դաստիարակութիւն տալ իրենց զաւակներուն եւ ամէն ջանք ի գործ դրած են` զանոնք ապահովելու կեանքի լաւագոյն պայմաններով։ Ան մասնաւորաբար շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերային ծառայողներուն, որոնք կը մտածեն թէ՛ աղքատին եւ թէ՛ ծերերուն, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին, որ շարունակ առիթներ կը ստեղծէ հայ մամիկներուն եւ պապիկներուն ուրախացնելու համար։
Միջոցառման հանդէս եկան Հայ Աւետարանական Թորոսեան վարժարանի եւ Սրբուհի Ագնէս վարժարանի աշակերտները, որոնք երգերով ու արտասաննութիւններով հաճելի մթնոլորտ ստեղծեցին։
Մթնոլորտը աւելի ճոխացուց օրուան հիւր-երգիչ Արարատ Ահարոնեան, որ իր առինքնող կատարումներով խանդավառեց մամիկներն ու պապիկները։
Միջոցառման խօսք առաւ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, ուր ան յատկապէս շեշտը դրաւ զիրար ուրախացնելու կենսական կարեւորութեան վրայ։ Ան նոյնպէս իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց ընկերային ծառայողներուն, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին եւ հայկական բոլոր խմբակցութիւններուն, որոնց համատեղ ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ ըմբոշխնել նման ուրախալի պահեր։
Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց Գերաշնորհ Տ. Շահէ եպս. Փանոսեան։ Ան նկատել տուաւ, որ «Աստուծոյ օրհնութեամբ կարելի է միայն յաղթահարել կեանքի բոլոր թնճուկները եւ ապրիլ հոգեպէս հանգիստ ու խաղաղ կեանք»: Ան շնորհակալական խօսքեր ուղղեց բոլոր կազմակերպիչ մարմիններուն, որոնք մաս կազմեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան։ Իր խօսքի աւարտին ան իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց հայ մամիկներուն եւ պապիկներուն։
Հուսկ, Կաղանդ Պապուկի գալուստով տրամադրութիւնները աւելի բարձրացան։
Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի կողմէ հայ մամիկներուն եւ պապիկներուն տրամադրուած նուէրներու բաշխումով: