Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

«ԺԱՄԱՆԱԿ»-ը Աշխարհի Հնագոյն Փոքրամասնական Թերթն է. «Anadolou» Գործակալութեան Անդրադարձը

«Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը   յատուկ   թողարկումով մը անդրադարձած է   հայաշխարհին   հնագոյն   պարբերականին     Պոլսոյ    մէջ տպագրուող     «Ժամանակ»   պարբերականին հիմնադրութեան  110-ամեակին:

Գործակալութիւնը յատուկ թողարկում մը կատարելով՝ նկատառման յանձնեց այս յոբելեանը՝ թղթակիցներէն Չիյտէմ Ալեանաքի ստորագրութեամբ։ Թողարկումը կատարուեցաւ Համաշխարհային գործող լրագրողներու օրուան շարժառիթով եւ ընդգծուեցաւ, որ «ԺԱՄԱՆԱԿ»-ը աշխարհի հնագոյն փոքրամասնական թերթն է։ Գործակալութիւնը այս թողարկումին կցած է բազմաթիւ լուսանկարներ։ Այս թողարկման պատրաստութեան համար թղթակից Չիյտէմ Ալեանաք եւ լուսանկարիչներէն Օնուր Չոպան միասնաբար այցելած են թերթին խմբագրատուն։ Գործակալութիւնը թողարկած է լուսանկարչին կողմէ այս առթիւ կատարուած նկարահանումներէն դրուագներ, ինչպէս նաեւ թերթին վերաբերեալ իր արխիւէն հին դրուագներ։ Ներկայացուած լուսանկարներուն մէջ կան «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթի խմբագրատունէն տեսարաններ, թերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի դիմանկարները, «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթի առաջին համարը եւ անոր հիմնադիրներուն՝ Միսաք եւ Սարգիս Գօչունեան եղբայրներու դիմանկարները։ Ընդգծուած է, որ «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթը Թուրքիոյ մէջ 110 տարիէ ի վեր կը հրատարակուի անընդհատ։

Թերթի պատմութեան եւ առաքելութեան առանձնայատկութիւններուն վերաբերեալ երեսակներու բացատրութեան զուգահեռ՝ թողարկման մէջ շեշտուած է, որ «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթը ունի պատմական արխիւի մը բնոյթը, որովհետեւ եղած է թէ՛ Օսմանեան կայսրութեան եւ թէ՛ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ականատեսը։ Մասնաւորապէս շեշտուած է, որ վերջին տարիներուն ստեղծուած համացանցային կայքէջով «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթը այսօր հասանելի է աշխարհի չորս կողմերուն։

Գօչունեան նաեւ նշած է, որ «Ժամանակ» անկախ օրաթերթ մը եղած է իր գոյութեան ողջ տեւողութեան։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին