Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Արմաւիրի Մարզին Մէջ Հնագէտները Բացայայտած են Ք.ա. 7-րդ Հազարամեակի Բնակատեղի

Հայաստանի Արմաւիրի մարզի Լեռնագոգ գիւղի մօտ հնագէտները նոր բացայայտում ըրած են: «Լեռնագոգ-1» հնավայրին մէջ բացայայտուած է տարածք, որ կը թուագրուի Ք.ա. 8-րդ հազարամեակի վերջով- 7-րդ հազարամեակի սկիզբով: Այս մասին լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման ժամանակ ըսած է  ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Պաւել Աւետիսեան:

«Առաջին անգամ այս տարածաշրջանին մէջ արձանագրած ենք կայուն բնակատեղի, որուն ստորին շերտերը կը թուագրուին Ք.ա. 8-րդ հազարամեակի վերջով եւ 7-րդ հազարամեակի սկիզբով: Մինչ այդ Հայաստանի տարածքին հնագոյն բնակատեղիներու շերտերը առաւելագոյնը, որ կրնայինք թուագրել, Ք.ա. 6-րդ հազարամեակի առաջին քառորդն էր: Սա 2017-ի հիմնարար հետազօտութիւններու փայլուն արդիւնքներէն է»,- նշած է Պաւել Աւետիսեան:

Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ բնակատեղիի մէջ ապրող հասարակութիւնը տիրապետած է որոշակի ճարտարապետական հմտութիւններու: ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտաշխատող Արթուր Պետրոսեանի խօսքով` այդ հատուածին մէջ գտնուած են կաւէ շինութեան հետքեր։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին