Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Դասախօսեց Խումբ Մը Օտար Համալսարանականներու

11 Յունուար 2018-ի առաւօտուն խումբ մը համալսարանականներ իրենց երկու փրոֆէսորներուն գլխաւորութեամբ այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք՝ ունկնդրելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին դասախօսութիւնը ընդհանրապէս քրիստոնէութեան դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ յատկապէս հայ եկեղեցւոյ ներկայ առաքելութեան մասին։  Ուսանողական խումբը բաղկացած էր ամերիկացի, գերմանացի եւ շուէտացի համալսարանականներէ։

 

Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով պարզեց քրիստոնէութեան ներկայ պատկերը՝ ներքին բաժանումներով, անդրադարձաւ եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հիմնական տարբերութիւններոոն, խօսեցաւ միջեկեղեցական շարժումին մասին՝ յատկապէս այդ ծիրէն ներս անդրադառնալով աստուածաբանական երկխօսութիւններու շօշափած նիւթերուն։ Իր խօսքի երկրորդ բաժինին մէջ Նորին Սրբութիւնը կեդրոնացաւ հայ եկեղեցւոյ վրայ։ Պատմական ընդհանուր ակնարկէ մը ետք ան պարզեց հայ եկեղեցւոյ յատկանշական երեսները։   Իր խօսքի վերջին բաժինին մէջ Հայրապետը կեդրոնացաւ Միջին Արեւելքի վրայ՝ ընդգծելով քրիստոնէական գործակցութեան կարեւորութիւնը։

Դասախօսութենէն ետք Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց ուսանողներուն եւ փրոֆէսորներուն հարցումներուն, որոնք առաւելաբար աստուածաբանական բնոյթ ունէին եւ առնչուած էին համաշխարհայնացած ներկայ աշխարհին մէջ եկեղեցւոյ առաքելութեան ու մօտեցման ներկայ ընկերութիւնները տագնապեցնող հարցերուն նկատմամբ։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին