ԵԱՀԿ-ը պիտի շարունակէ աջակցիլ Մինսկի խումբի համանախագահներու աշխատանքին Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ծիրէն ներս:
Այս մասին, ըստ «Tert.am»-ի, Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ մշտական խորհուրդին յայտարարած է ԵԱՀԿ նոր գործող նախագահ, Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անճելինօ Ալֆանոն` ներկայացնելով 2018 թուականի ԵԱՀԿ-ի նախագահութեան ծիրէն ներս իր երկրին առաջնահերթութիւնները:
«Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղին, մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու աշխատանքին հակամարտութեան կարգաւորման ծիրէն ներս»,- ըսած է ԵԱՀԿ նախագահը:
Ալֆանոն նշած է, որ ԵԱՀԿ-ի դիրքորոշումը անփոփոխ պիտի մնայ չկարգաւորուած հակամարտութիւններուն վերաբերեալ, եւ այդ հարցերը պիտի մնան կազմակերպութեան ուշադրութեան առարկան:
«Ձգձգուած հակամարտութիւններու կարգաւորումը պիտի շարունակէ մնալ կազմակերպութեան ուշադրութեան առարկան»,- ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ այս տարուան Յունուար 1-էն ԵԱՀԿ-ը կը նախագահէ Իտալիան: