Արցախը իրական ժողովրդավարութիւն է, որուն նմանը չկայ տարածաշրջանին մէջ:
Նման յայտարարութիւն ըրած է Ֆրանսայի Լէ Փեն Միրապօ քաղաքի քաղաքապետ Մոնիկ Սլիսան, որուն ղեկավարած քաղաքին մէջ Արցախի օրերու ծիրէն ներս շարք մը ձեռնարկներ կազմակերպուած են, կը հաղորդէ «Արցախփրէս»-ը:
«Նոյն նշուած պատճառով ալ այդ երկիրը արժանի է մեր աջակցութեան»,- «La Provence»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Լէ Փեն Միրապոյի քաղաքապետը: Մոնիկ Սլիսան նշած է, որ 2001-ին քաղաքապետ դառնալէ ետք իր առաջին որոշումներէն մէկը եղած է քաղաքի հրապարակներէն մէկը վերանուանել յանուն 1915 թուականի Ապրիլ 24-ի Ցեղասպանութեան յիշատակին: «Հայկական խնդիրները մօտ են իմ սրտին եւ նոյն այդ պատճառով ալ Արցախի հարցը եւս մեզի համար կարեւոր է: Մենք որոշեցինք կապեր հաստատել Արցախի հետ, եւ Լէ Փեն Միրապոն դարձաւ Ֆրանսայի առաջին քաղաքը, որ Արցախի համայնքներէն մէկուն` Մարտունիի հետ համագործակցութեան փաստաթուղթ ստորագրեց»,- շեշտած է ան:
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան, որ եւս ներկայ գտնուած է Արցախի օրերու ծիրէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկներուն, նշած է, որ Արցախի խնդիրը չի կրնար լուծուիլ զուտ տարածքային զիջումներու միջոցով: «Ազատագրուած տարածքները հայկական եղած են դեռ այն ատեն, երբ Սթալինը որոշեց զանոնք նուիրել Ազրպէյճանին 1921-ին եւ մինչ 1923-ը, երբ «Օպլաստ»-ի ձեւաւորմամբ այդ տարածքները ներկուեցան «ազրպէյճանական գոյնով»: Այդ տարածքները արցախեան են եւ այդպէս ալ կը մնան: Մեր Սահմանադրութիւնը այս հարցով շատ յստակ է»,- ամփոփած է Բեգլարեան:
Նշուած ձեռնարկներու ծիրէն Պուշ-դու-ռոն շրջանի հայկական մշակութային միութիւնը շապիկներու վաճառքի միջոցով դրամահաւաք նախաձեռնած է Արցախի մէջ ծառայող զինուորներուն օժանդակելու համար: