Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

«Ապրեն մեր Կովերը»

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Հայերս շատ մը բաներու մէջ չափազանցութեան եւ ծայրայեղութեան երթալու վարուելակերպով ալ կը յատկանշուինք: Համաձա՞յն ես, սիրելի՛ ընթերցող:

Օրինակներ շատ ունիմ, սակայն սիւնակս նեղ է: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին որդեգրուած խորհրդանիշը Անմոռուկն էր: Կը յիշե՞ս, սիրելի՛ս: Է՜հ, ես այդ Անմոռուկը, իր տեղին գործածութենէն բացի, տեսայ գրեթէ ամէն բանի վրայ, ինչպէս՝ փողկապի, թաշկինակի եւ կօշիկի…

Հիմա այս ալ տեսայ (տես նկարը՝ Մեր Երկրի Կաթը): Բաւական նորարար եւ ստեղծագործ (creative) մօտեցում: «Ո՛չ» մի՛ ըսեր: Հեղինակն ու պատուիրատուն (որ վստահ չեմ մարմնի ո՛ր մասով կը մտածեն) կարծես հերիք չէ, որ մտայղացեր են, գործադրեր են ալ փողոցներու ցուցատախտակներուն վրայ…

Նկարը անյստակ է, սակայն կը յուսամ, որ կովին հագցուած հայկական այս տարազին գլխարկին կամ ճակատին մետաղադրամները Մեծն Տիգրանի ոսկեդրամներու պատճէնով չեն, կամ յաջորդին այս կովը ուզանդարա պարողի կերպարով չի յայտնուիր, այլ գովազդի մը մէջ…:

Այս ալ տեսանք, սիրելի՛ս:

«Ապրեն մեր Կովերը»:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին