Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Ամերիկեան Բարքեր – Անկարողութիւններ Ունեցող Բժիշկներ (Doctors with Disabilities)

*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

 «Անկարողութիւն» բառը այս յօդուածին մէջ, ինչպէս անգլերէն թարգմանութիւնը կը բացայայտէ, կ’ակնարկէ մարմնական թերակատարութեան եւ ոչ թէ մտային կամ մասնագիտական անկարողութեան։

Ընկերութիւնը կ’ակնկալէ, որ բժշկութեան դիմող թեկնածուները ըլլան կատարեալ կերպով առողջ եւ տէր իրենց բոլոր զգայարանքներուն, որպէսզի կարենան կատարել իրենց վստահուած մահու-կենաց դժուարին գործը։ Բայց միշտ ալ բացառութիւնները յարգելի են (եւ քաջալերելի ինչպէս նաեւ մարդկային հանդուրժողականութիւն եւ ազնուութիւն ցուցաբերող երեւոյթ – խմբ.), ինչպէս պիտի տեսնէք հետեւեալ իրական կեանքէ առնուած դրուագներուն մէջ։

Կոյր Բժիշկը

Տոքթ. Թիմ Քորտէս (Tim Cordes) ստացած է «Պսակաւոր Գիտութեանց» իր տիտղոսը 1998-ին Notre Dame համալսարանէն։ Ան ապա կը յաճախէ Ուիսքանսընի համալսարանը՝ Մէտիսըն քաղաքի մէջ եւ 2007-ին կը վկայուի որպէս բժիշկ, իսկ 2011-ին՝ որպէս հոգեբոյժ։ Այժմ ան կ’աշխատի նոյն քաղաքի վեթերաններու հիւանդանոցին մէջ։ (տես նկարը)

Իր մեծաւորը՝ տոքթ. Տին Քրահն, քննարկելով անոր աշխատանքը, հետեւեալ ձեւով արտայայտուած է. «Տոքթ. Քորտէսի մարմնական թերութիւնը խորքին մէջ առաւելութիւն մըն է իրեն համար, որովհետեւ ան ուշի-ուշով կը քննէ իր հիւանդները՝ մտիկ ընելով անոնց շնչառութիւնն ու ձայնի ելեւէջները եւ հետեւաբար աւելի ճիշդ ախտաճանաչում կ’ընէ»։

Իսկ տոքթ. Քորտէսի հիւանդները, որոնք կը տառապին թմրեցուցիչներու մոլութենէ, կը ներշնչուին իրմէ եւ կը խրախուսուին՝ մտածելով, որ եթէ ինք կրցած է յաղթահարել իր թերութիւնը, մենք եւս կրնանք յաղթահարել մեր տկարութիւնը…

Խուլ Բժիշկը

Տոքթ. Ֆիլիփ Զազով ստացած է Պսակաւոր Գիտութեանց իր վկայականը Իլլինոյ նահանգի Northwestern համալսարանէն, իսկ բժշկութեան վկայականը՝ Ուաշինկթընի համալսարանէն։ Ան իր ընտանեկան բժշկութեան (family medicine) մասնագիտութեան տիրացած է Եութա նահանգի հիւանդանոցներէն։ (տես նկարը)

Այժմ տոքթ. Զազով Միշիկընի համալսարանի ընտանեկան բժշկութեան բաժնի դասախօս է եւ ամպիոնի վարիչ։ Ան կը զբաղի խուլ հիւանդներու հետ եւ գիտահետազօտական աշխատանք կը տանի՝ բարելաւելու խուլերու լսողութիւնը։ Ան կը վայելէ համաշխարհային ճանաչում։

Անդամահատուած Բժիշկը

Տոքթ. Կրէկ Կալիատծի բժշկական իր ուսումը չսկսած՝ ծառայած է ամերիկեան բանակին մէջ՝ որպէս հրամանատար (Captain) եւ առ այդ գործուղղուած Աֆղանիստան։

2011 թուականին ճամբուն եզերքը զետեղուած ռումբի մը պայթումին հետեւանքով՝ ան կը կորսնցնէ իր երկու ոտքերն ու աջ ձեռքին մեծ մասը։ 50 վիրաբուժական բարդ գործողութիւններէ եւ անհատնում բժշկական դարմանումներէ (therapy) ետք ան կը դատապարտուի հաշմանդամներու յատուկ անիւներով կառքի (wheel chair) մը։ (տես նկարը)

Սակայն Կրէկ Կալիատծի երբեք չի կորսնցնէր իր կամքն ու կորովը եւ կը հաւատայ, որ մարմնական իր թերութիւնը պիտի չի կրնայ կասեցնել իր երազի իրականացումը։ Եւ ահա այս տարուան Մարտ ամսուն ան կ’ընդունուի Հարվըրտ համալսարանի բժշկական դպրոցը։ Ան 165 բժշկական ուսանողներուն մէջ միակն է, որ անիւներով կառք կը գործածէ դասարան երթալու համար։

Կրէկ նախաբժշկական իր ուսման ընթացքին կը հանդիպի պարմանուհիի մը՝ Ճէզմին Ռոմերօ անունով, որուն հետ կը ծրագրէ ամուսնանալ գալ տարի։

Անդամալոյծ Վիրաբոյժը

Տոքթ. Քրիս Մըքալլահ, տունը աշխատած ժամանակ սահելով, ինկած է եւ որպէս հետեւանք այդ արկածին՝ վնասած է իր ողնայարի մէկ օղակն ու դատապարտուած անդամալուծութեան։

Այժմ ան կ’աշխատի Նիւ Ճըրզի նահանգի Մորիսթաուն քաղաքի հիւանդանոցին մէջ եւ որպէսզի կարենայ վիրաբուժական գործողութիւն  կատարել, օժտուած է ջրաքարշ անիւաւոր կառքով (hydraulic wheel chair) մը, որ, բարձրանալով, զինք կը շնորհէ ուղիղ կեցուածք։ (տես նկարը)

Տոքթ. Մըքալլահ 2013-էն ի վեր օրական 3-5 վիրաբուժական գործողութիւն կը կատարէ վերոյիշեալ հիւանդանոցին մէջ եւ շատ սիրուած է հիւանդանոցի անձնակազմին եւ հիւանդներուն կողմէ։ «Կամենալը կարենալ է»,- կ’ըսէ հայկական ասացուածքը եւ որքա՜ն ճիշդ է այս որակումը, եթէ նկատի առնենք ցարդ յիշեալ դրուագները։

Վստահ եմ, վերոյիշեալ «պակասաւոր» բժիշկներու կողքին կան շատ աւելի ուրիշներ, որոնք կը գործեն Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններուն մէջ՝ օգտակար հանդիսանալով մարդկութեան։ Սա կը նշանակէ, որ մարմնական թերութիւնը չի կրնար կաշկանդել մտքի թռիչքը, որ կրնայ հրաշքներ գործել, եթէ առիթը տրուի իրենց…

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին